Հայաստանը Պէտք է Դառնայ Բնագիտութեամբ Զբաղող Հզօր Երկիր՝ կենսաբնագիտութենէն Մինչեւ Աստղագիտութիւն. ՀՀ Նախագահ

Հայաստան

Հայաստանի ընտրութեան ճանապարհը դէպի 21-րդ դար միակն է` դէպի նոր, ժամանակակից արհեստագիտութիւններ: Հայաստանը ապագային պէտք է դառնայ երկիր, որ բնական աղբիւրներու  երկիր է, ժամանակակից արհեստագիտութիւններու երկիր»,- այսօր «Քենդլ» հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:

«Ժամանակից արհեստագիտութիւնները զարգացնելու քանի մը բաղադրիչներ կան: Նախեւառաջ ատիկա կրթական համակարգն է: Վերջիվերջոյ, նորագոյն արհեսատգիտութիւններ ստեղծողները, կիրառողները, վաճառողները մարդիկ են, որոնք արհեստավարժ, մասնագիտական կրթութիւն ստացած են: Հետեւաբար այս համակարգի համար շատ էական է կրթական համակարգը` սկսած դպրոցէն, նոյնիսկ աւելի փորք տարիքէն` մանկապարտէզէն»,- ըսած է ՀՀ նախագահը:

Սարգսեանի խօսքով, այլոց նկատմամբ մեր առաւելութիւնը պէտք է ըլլայ այն, որ հայ ծրագրաւորողը պէտք է ըլլայ բարձրորակ մաթեմաթիքոս, բնագէտ կամ քիմիագէտ, այն է` գիտնական-ծրագրաւորող, բան մը, որ ուրիշ տեղ չեն կրնար ընել:

«Եւ ատիկա փաստ է, ոչ թէ մեծամտութիւն, որ մենք աւելի խելացի ենք: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ բարձր որակի ստեղծագործող մասնագէտներ ստանալը` կենսաբնագիտութենէն մինչեւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններ: Այդ իմաստով այս հիմնարկը շատ կարեւոր է: Էական է նաեւ անով, որ եթէ խորհրդային տարիներէն մեզի ժառանգութիւն մնացած շատ գիտական հիմնարկներ կամ մաշուած են կամ կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը, կամ ալ վերացած են, ապա այս հիմնարկը ստեղծուած է 2000 թուականին:

«Ես ուրախ եմ, որ այսօր այստեղ եմ` քանի մը պատճառներով: Նախ այն փաստը, որ մենք Հայաստանի մէջ կարենանք 2000 թուականէն ետք այսպիսի հիմնարկ կառուցել, որ միջազգային լաւագոյն մակարդակը ունի: Երկրորդ, ինծի համար կրկնակի հաճելի է, որովհետեւ ինչ-որ իմաստով ես փոքր ներդրում ունիմ այս հիմնարկի տեղծման գործին մէջ»,- նշած է ՀՀ նախագահը:

Արմէն Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ ինք ծրագիր ունի Հայաստանի մէջ զարգացնելու բնագիտութիւնը:

«Նայեցէք` ինչպէս կրնանք աջակցիլ, որպէսզի Հայաստանը դառնայ բնագիտութեամբ զբաղող հզօր երկիր` կենսաբնագիտութենէն մինչեւ աստղագիտութիւն: Ատոր կարիքը կայ: Մենք չենք կրնար ապրել միայն անով, որ ժամանակին Բիւրականի աստղադիտարանը ղեկավարած է Վիքթոր Համբարձումեանը: Այսօրուան Համբարձումեաններ պէտք են: Մօտակայ օրերս կը ծրագրեմ  նաեւ Բիւրական երթալ եւ թերեւս ատկէ ետք, երբ իմ պատկերացումները յստականան, աջակցիմ, որպէսզի այս ոլորտը ոչ միայն գոյատեւէ, այլեւ զարգանայ»,- ամփոփեց ՀՀ նախագահը: