Ժողովրդավարութեան Վերադարձ. Washington Post-ը` Հայաստանի Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկեան յայտնի The Washington Post պարբերականը «Երէք երկիր, ուր 2018 թուականին ժողովրդավարութիւնը իրապէս վերադարձած է» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, պարբերականը կ՛ընդգծէ, որ 2018-ին Հայաստանը թատերական շրջադարձ կատարեց:

«Երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 տարի իշխանութեան վրայ ըլլալէն ետք նախաձեռնեց իշխանութիւնը պահպանելու գործընթաց սահմանադրական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ վարչապետ դառնալու ճանապարհով, աքթիւիսթ դարձած լրագրող Նիկոլ Փաշինեան օգտագործեց ժողովուրդին զայրոյթը, որպէսզի արմատապէս փոխէ երկրի ուղղութիւնը: Փաշինեան իրականացուց քայլերթ, որուն հետեւեցան բողոքի զանգուածային ցոյցերը, որոնք կաթուածահար ըրած էին երկիրը մինչ այն պահը, երբ Սերժ Սարգսեանին վարչապետ ընտրած խորհրդարանը զիջեցաւ: Հայաստանի ժողովուրդի իշխանութիւնը ստիպեց Սարգսեանին հրաժարական ներկայացնելու եւ համոզեց օրէնսդիրներուն վարչապետ ընտրել Նիկոլ Փաշինեանը: Սակայն ամենամեծ փոփոխութիւն դեռ չէր եկած»,- կը գրէ յօդուածագիրը:

Այնուհետեւ յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, երբ Փաշինեանի ղեկավարած դաշինքը հաւաքեց ընտրութեան մասնակիցներու ձայներուն աւելի քան 70 տոկոսը: «Նախորդ իշխող կուսակցութիւնը` Հանրապետականը  նոյնիսկ չյաղթահարեց խորհրդարան անցնելու համար անհրաժեշտ նուազագոյն 5 տոկոսի շեմը: Յենուելով վստահութեան այդ քուէին վրայ` Փաշինեան համընդհանուր փտածութեան դէմ արշաւի սկսած է»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածին մէջ որպէս ժողովրդավարութեան վերադարձ արձանագրած երկիրներ կը նշուին նաեւ Եթովպիան եւ Փերուն: