Բռնցքամարտիկ Նարեկ Աբգարեան Կրկին Յաղթած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Բռնցքամարտի Հայաստանի ընտրանիի անդամ  Նարեկ Աբգարեան հերթական յաղթանակը տօնած է մրցոյթի ընթացքին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Գազանի մէջ ընթացող մասնագիտական բռնցքամարտի երեկոյին ընթացքին, Հայաստանը ներկայացնող Նարեկ Աբգարեան 8-խաղի մենամարտին յաղթանակի հասած է ուզպեք Շախզօտբեկ Շարոպիտինի նկատմամբ:

Այսպիսով, Աբգարեանը տօնած է 12-րդ յաղթանակը մասնագիտական բռնցքամարտի մէջ եւ կը շարունակէ մնալ անպարտելի: