Նոր Հանգրուան, Վաղուան Հանգրուան, Փորձի Եւ Փորձութեան Հանգրուան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ’ելնեն:

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Հայաստան ժողովրդավարական երկիր է: Պետութիւն է եւ ունի պետական կազմակերպութիւն, անոնք կրնան կաղալ, բայց կը շարունակեն քալել: Այդ պետութեան ընթացքը կ’որոշէ եւ այդ ընթացքին կը հսկէ ժողովուրդը: Այս սկզբունք է: Պետութիւններու ղեկավարութեան մէջ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան հակասութիւններ: Ժողովրդական կամքով ընտրուած իշխանութիւններու նկատմամբ երբ զարգացած է անվստահութիւն եւ անբաւարարութեան գիտակցութիւն, հարկ եղած է կրկին դիմել ընտրութեան, կամ յեղափոխութեան,  որ պատին առջեւ կանգնած մարդոց ընտրութիւնն է:

Ճիշդ դատումի եւ արդարութեան համար, յաղթականի եւ պարտուածի զգացականութենէն անդին, անպատեհ պէտք չէ համարուին կարգ մը հարցումներ:

Ժողովուրդը երբ կը քուէարկէ եւ կ’ընտրէ, առարկայակա՞ն է իր մօտեցման մէջ, ունի՞ եւ կրնա՞յ ունենալ իր որոշման համար դատումի անհրաժեշտ տուեալները, որպէսզի ջոկէ լաւը վատէն:

Ժողովուրդը, երբ կը քուէարկէ եւ կ’ընտրէ, կ’առաջնորդուի հաւաքակա՞ն մտահոգութիւններով, թէ՞ անհատական ակնկալութիւններով:

Ինչպէ՞ս բացատրել ժողովուրդին փոփոխական վերաբերումները:

Զանգուածը կրնա՞յ պետական տրամաբանութեամբ առաջնորդուիլ, թէ՞ միշտ պէտք ունի առաջնորդի մը, որուն կ’ուզէ հաւատալ, որ զինք կը գործածէ որպէս միջոց:

Ժողովրդավարական ընտրութեան մը իրաւութեան համար ունի՞նք Ժան-Փոլ Սարթրի սահմանումով մարդը: Ան ըսած է` «Մարդ չենք, այնքան ատեն որ չենք գտած բան մը, որուն համար պիտի ընդունէինք մեռնիլ (Ժան-Փոլ Սարթր, L’âge de la raison):

Ժողովրդավարական համակարգի մասին երբ կը մտածենք, նկատի պէտք է ունենանք ընտրողին տրամաբանութիւնը, որ հասարակաց կարծիք կամ հասարակաց շահ կը յառաջացնէ, բայց ան ունի այնքան տարբերակումներ, զորս կը կարծենք յաղթահարել թուաբանական պարզ հաշիւով, կէսէն մէկ աւելիով կամ կէսէն մէկ պակասով:

Այս պատճառներով ալ տեղի կ’ունենան անհասկացողութիւններ, փոփոխութեան առաջարկներ, մերժումներ: Եւ երէկի ընտրող մեծամասնութիւնը դիմաշրջում կ’ունենայ, քանի որ տուեալ պահու մը հասարակաց կարծիքը ակնթարթային կայունութիւն ունի եւ կրնայ խախտիլ, քանի որ ան կը ստեղծուի հանրային կարծիք ստեղծելու եւ ստեղծող այլազան միջոցներու գործածութեամբ:

Անխտի՛ր, բոլոր իրաւ ժողովրդավարութիւններու մէջ շատ արագ կը ծաւալին անհանգստութիւնները, կը վերածուին շարժման եւ փոփոխութեան պահանջի, քանի որ հաղորդակցական միջոցները, ընդհանուր եւ արգելքները շրջանցող, լայն տարածում ունին: Ժողովրդավարութիւնը կը մեռնի, եթէ դադրի փոփոխութեան եւ բարելաւման մնայուն լարումը, որ կրնայ իր եզրայանգման մէջ չառաջնորդել յուսալի համարուող բարելաւման:

Ընտրութիւններու նախօրեակին կամ ընտրապայքարի ընթացքին, անոնք ըլլան խորհրդարանական թէ նախագահական, կամ` այլ, հաղորդակցական միջոցներու տարածած գաղափարները եւ անոնց թելադրած համոզումները, երբ լռեն բարձրախօսները, ստեղծուած նոր իրականութիւնները կրնան պաղ ջուր թափել ջերմ զգացումներու եւ վառ երազներու վրայ: Ա՛յս ալ ժողովրդավարական կարգ է, քանի որ ստացուած արդիւնքը, որ կը բնորոշուի որպէս հասարակաց կամք` ենթակայական ազդակներու գումարում է, հետեւաբար` անկայուն, կը դատուի անմիջականօրէն տեսանելի արդիւնքներով եւ պատկերներով: Ժողովրդավարական համակարգի մէջ զանգուածին շատ փոքրիկ տոկոսը ամուր, գիտակցուած եւ յանձնառու վերաբերում ունի ընտրանքներու հանդէպ, երբ կը քուէարկէ: Եթէ ամէն ամիս հանրաքուէ կազմակերպուէր, քաղաքական գործիչը եւ ընտրողը, ի տես արդիւնքներու, պիտի զարմանային: Նոյնիսկ անոնք, որոնք կ’առաջնորդուին գաղափարաբանութեամբ մը, քարացած կարծիքներ չունին եւ կը կրեն օրուան իրադարձութեանց ազդեցութիւնը: Քիչեր կը հետեւին իրենք իրենց համար հետեւելու քաղաքական ամբողջական տեղեկութեան եւ անոնց վերլուծման միշտ փոփոխական ճանապարհին, եթէ ընդհանուր կանոն են արագ եզրակացութիւնները, որոնք դրոշմուած կ’ըլլան անխուսափելի, կարճ ու կտրուկ ենթակայական ազդակներով: Օրինակ, երբ նախագահական թեկնածու մը կը ներկայացնէ հարիւր կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը, ընտրազանգուածի ո՞ր տոկոսը զայն կը վերլուծէ, կը դատէ եւ ըստ այնմ կը կողմնորոշուի: Ոչ ոք թող զարմանայ, որ փողկապի մը գոյնը, բաց օձիքով շապիկ մը, կամ երկու ճառի միջեւ բեմին վրայ գալարուող երգիչ մը նոյնքան կարեւոր են, որքան` յիշուած հարիւր կէտերէ բաղկացած ծրագիրը: Գերագնահատման կամ ստորագնահատման հարց չէ, այլ պարզ իրականութիւն է` ինչ որ կ’ըսեմ: Կը պատահի՞, որ ընտրողը հարց տայ, թէ քաղաքական երկու ճառի միջեւ երգի եւ գալարումներու հանդէսը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ եւ ինչո՞ւ կը ծափահարուի: Յաճախ նաեւ դիրքորոշման առաջնորդող ընտրանքը անձնական շահն է եւ ոչ հաւաքական, ազգային կամ ընկերային առաջադրանքը, այս` հակառակ ճառային ճապկումներու:

Ընտրութիւններու պարագային, կարեւոր դեր կը խաղայ ընտրողի ընկերատնտեսական վիճակը: Նիւթապէս ապահով եւ տուեալ կացութենէն օգտուող քաղաքացին ցանկացող չ’ըլլար փոփոխութեան, կը քուէարկէ ի նպաստ օրուան իշխանութեան: Եթէ քաղաքացին կը գտնուի անցանկալի վիճակի մէջ, աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով կը քուէարկէ ի նպաստ փոփոխութեան` խոստումները շփոթելով իրականութեան հետ: Այսինքն ընտրազանգուած մը կայ ամէն տեղ, որ կը քուէարկէ` տարուբերելով օրուան հովերուն հետ: Քաղաքական քարոզչութիւնը կը կեդրոնանայ այս զանգուածին վրայ` կատարելով մարդորսական աշխատանք: Փոփոխութեան քարոզչութիւնը կը շահագործէ բարելաւման յոյսը, ան յաճախ պարզ ամբոխավարութիւն է:

Ժողովրդավարական դրութեան մէջ այս տատանող «յոյսի ընտրազանգուած»-ն է, որ կ’որոշէ իշխանափոխութիւնը, որ անպայման չի նշանակեր կայունութիւն, քանի որ ան միշտ տատանող է: Խօսքը կը վերաբերի, ի հարկէ, այն երկիրներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք ո՛չ մենիշխանական են, ո՛չ աւատապետական, ո՛չ ալ կրօնապետական, որոնց պարագային մեծաւորի կամքը կը կատարուի, եւ կը հանդիպինք նոյն անձերու, նոյն ընտանիքներու եւ նոյն անուններու յաջորդութեան, նոյնիսկ` մէկ կամ միւս մրցակիցներու ցանկին վրայ:

Յառաջադէմ համարուած երկիրներու մէջ գիտական ձեւով կազմակերպուած հարցախոյզեր, տուեալ պահու մը, ցոյց կու տան հանրային կարծիքի պատկերը, թէեւ ան միշտ փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ, այսինքն հարցախոյզի նախատեսութիւնները կրնան չարդարանալ: Հարցախոյզերը զանգուածներու կարծիքին վրայ կ’ազդեն, հետեւաբար անոնք երկսայրի սուր են: Հարցախոյզի պատասխանող քաղաքացին ինքզինք իրաւասու եւ բաւարար չափով իրազեկ համարելով` կը պատասխանէ հարցումներու, որոնց մասին ո՛չ մտածած կ’ըլլայ եւ ո՛չ ալ տեղեկութիւն կ’ունենայ: Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ ընտրութեան մը կամ քուէարկութեան մը արդիւնքը կ’ըլլայ յուսախաբութիւն, զղջում: Այսինքն ժողովրդավարութիւնը կը մեղանչէ ամբոխավարութեամբ: Յատկանշական օրինակ է Անգլիոյ Brexit-ի հանրաքուէն, որ ամբոխավարութեան եւ ամբոխային տրամադրութիւններու արտայայտութեամբ մեծամասնութիւն գոյացուց:

Հարցախոյզերը կրնան մտածելու մղել, բայց անոնք տուեալ պահու հանրային կարծիքի պատկեր են միայն, քանի որ ընտրազանգուածը բաղկացած է նաեւ մարդոցմէ, որոնք յստակ եւ հաստատ համոզումներ չունին, կը կողմնորոշուին վերջին պահուն, կը հպատակին այս կամ այն իրադարձութեան, խոստումի, կամ պարզապէս` տպաւորող խօսքի մը եւ կ’որոշեն ընտրութեան մը արդիւնքը: Այլ խօսքով, ընտրութեան մը վերջնական արդիւնքը կախում ունի անոնցմէ,  որոնք հաստատ, յստակ եւ գիտակցուած ընտրանք չունին:

Նոյնիսկ ժողովրդավարական ընտրութեան արժեւորումը արդար կերպով պէտք է տեսնել եւ չմոռնալ իսկական մեծամասնութիւն կազմող չքուէարկող ընտրազանգուածը, ճիշդ այս պատճառով ալ քուէարկութեան մը արդիւնքով ընտրուած մեծամասնութիւնը հասարակաց ընդհանուր կարծիքին համեմատած փոքրամասնութիւն է, ինչ որ համեստութեան կոչ պէտք է ըլլայ «յաղթող»-ին, քանի որ խօսելով թիւերու լեզուն` «յաղթական մեծամասնութիւն»-ը «փոքրամասնական մեծամասնութիւն» է:

Հակառակ ըսուած եւ լսուած դրական դատումներու` Հայաստանի մէջ խաղաղ պայմաններու մէջ տեղի ունեցած քուէարկութիւնը առիթ պէտք է ըլլայ յառաջացնելու չափի գիտակցութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտ, այսօրուան «յաղթանակ»-ը դիտելու որպէս ժամանակաւոր, հանրային կարծիքի տուեալ պահու մը պատկեր, եւ ըստ այնմ դիմագրաւելու երկրի կացութիւնը` հարցերու լուծման նախաձեռնութիւնները:

Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր եւ վաղը, մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան, անհատական եւ խմբակային ցանկութիւնները իրականութիւն պէտք չէ համարել: Այս կ’ըլլայ կառավարման քաղաքականութեան իսկական առաքինութիւնը: Մանաւանդ երբ անոնք ֆէյսպուքեան եւ թուիթըրային մտածման բովէն չանցած բռնկող-մարող աղմուկ եւ բռնկումներ են:

Մտածել տեւաբար Յակոբ Պարոնեանի հետ, որուն պարզ իմաստութիւնը ի զօրու է ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին համար: Ան տիեզերական տարողութիւն ունի բոլոր անոնց համար, որոնք անմիջականի գերին չեն, չեն ուզեր ըլլալ: Եւ կրկնել.

«Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ’ելնեն»: