Սպիտակի Երկրաշարժի 30-ամեակի Առիթով Յատուկ Հարցազրոյց Այդ Օրերուն Փրկարար Աշխատանքներու Կիզակէտին Վրայ Գտնուող Հրանոյշ Յակոբեանի Հետ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

 

Սպիտակի Երկրաշարժ. 30-ամեակ

«Անդառնալի Կորուստներ  Եւ Ծանր Հետեւանքներ Ունեցաւ 1988 Թուականի Սպիտակի Երկրաշարժը.  Անոր Պատճառած Վէրքերը Մինչեւ Օրս Ամոքուած Չեն»

Սպիտակի Երկրաշարժի 30-ամեակի Առիթով Յատուկ Հարցազրոյց Այդ Օրերուն Փրկարար Աշխատանքներու Կիզակէտին Վրայ Գտնուող Հրանոյշ Յակոբեանի Հետ

***

Պատմութեան մէջ այսօր՝  7 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Սպիտակի երկրաշարժը:  Հայաստանի պատմութեան մէջ այս ամենասարսափելի եւ աւերիչ երկրաշարժի օրէն անցած է 30 տարի:

Երկրաշարժի հետեւանքով քանդուեցան Սպիտակը, Լենինականը (Կիւմրի), Կիրովականը (Վանաձոր), Ստեփանաւանը եւ հարիւրաւոր այլ բնակավայրեր: Զոհուեցան 25 հազար հայորդիներ, 40 հազարէն աւելին հաշմանդամ դարձաւ, շուրջ կէս միլիոնը մնաց անօթեւան:

Աղէտի գօտիէն հեռու կամ աղէտէն փրկուած հայ ժողովուրդի զաւակները ձեռնածալ չմնացին ի տես իրենց հայրենիքը պատուհասած մեծ փորձանքին: Հայ ժողովուրդը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, մէկ անձի վերածուած, անկարելին ըրաւ կարելի:

Օգնութեան ձեռք մեկնած հայ երիտասարդութիւնը սխրանքներ կը գործէր՝ օգտակար հանդիսանալու աղէտեալներուն: Հոն ուր սովետական հզօր պետութիւնը անկար էր, հայ երիտասարդութիւնը իր ուժերէն շատ աւելի վեր սահմաններու մէջ անձնուիրաբար կը գործէր: Հակառակ թեքնիքական սարքերու եւ նոյնիսկ ամենատարրական գործիքներու բացակայութեան՝ հայ երիտասարդութիւնը օր ու գիշեր ձեռքով մաքրեց փլատակները՝ փրկելու այն ինչ որ կարելի է, որպէսզի օթեւան, դեղ եւ սնունդ հասցնէ աղէտեալներուն։

Այդ օրերուն, երիտասարդութեան գլուխը անցած, փրկութեան աշխատանքներու կիզակէտին վրայ կը յայտնուէր բոլորիս ծանօթ, աւելի ուշ ՀՀ Սփիւռքի հիմնադիր նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

30 տարի առաջ 30 երկվայրկեանի մէջ աւերուած Սպիտակի երկրաշարժի տարելիցին եւ իւրայատուկ կերպով յիշատակելու համար զայն դիմեցինք տիկ. Յակոբեանին, որպէսզի հարցազրոյց մը շնորհէ «Զարթօնք»ին՝ միասնաբար յիշելու եւ վերլուծելու այն ինչ որ կատարուեցաւ այդ օրերուն եւ, ինչու չէ, դասեր քաղելու այն մեծ փորձանքէն, որ պատուհասեց հայ ժողովուրդը այդ օրերուն:

Ստորեւ կարդալ հարցազրոյցը.

«Զարթօնք»


– Յարգելի տիկ. Յակոբեան, նախ շնորհակալ ենք, որ ընդառաջեցիք «Զարթօնք»ին հարցազրոյց մը շնորհելու մեր փափաքին՝ 30 տարուան հեռաւորութենէ միասնաբար վերյիշելու եւ արժեւորելու Սպիտակի երկրաշարժը ու երիտասարդութեան դերը մասնակից դառնալու անոր հետեւանքները մեղմելու անձնուէր ու ազգային վեհ աշխատանքին մէջ: Ի՞նչպէս կը յիշէք այսօր 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ն:

– Ինչպէս գիտէք, այդ ժամանակ ես կը ղեկավարէի Հայաստանի շուրջ 700 հազար հոգինոց երիտասարդական կազմակերպութիւնը` ՀԼԿԵՄ կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարն էի: Անմիջականօրէն մասնակցած եմ Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժին յաջորդած իրադարձութիւններուն։ Անհնարին է նկարագրել  հայ երիտասարդներու հայրենասիրական պոռթկումը, զոհողութիւններու պատրաստ երիտասարդական մղումը՝ օգնելու մարդոց ու զանոնք փրկելու: Այսօր յուզումով ու խոնարհումով պիտի փորձեմ յիշել մարդիկ ու վերարժեւորել մասնաւորապէս հայ երիտասարդներու խիզախութիւնն ու կատարած գործերը: Համազգային ցաւի եւ ողբերգութեան մէջ Հայաստանի երիտասարդութիւնը համախմբուեցաւ, ինքնամոռաց   նուիրում եւ անօրինակ խիզախութիւն դրսեւորեց աղէտի գօտիին, օդակայանին ու հիւանդանոցներուն մէջ, զօր ու գիշեր փլատակներու մօտ կարելին ու անկարելին ըրաւ՝ մարդկային կեանքերըփրկելու, աղէտեալներուն սատար կանգնելու համար։

Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութեան ղեկավար մարմինը՝ ՀԼԿԵՄ կեդրոնական կոմիտէն վերածուեցաւ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացումին նպաստող իւրօրինակ կեդրոնի։ Երկրաշարժէն ընդամէնը 1.5 ժամ անց  շուրջ հազար ուսանողներ՝ ապագայ բժիշկներ, ուղարկեցինք աղէտի գօտի։ Հասկնալի էր, որ վիրաւորներուն անհրաժեշտ պիտի ըլլար արիւն ներարկել: Այդ օրերուն Երեւանի մէջ պարէտային ժամ յայտարարուած էր՝ Ղարաբաղեան շարժումը կասեցնելու եւ ժողովուրդի ազգային զարթօնքը ճնշելու համար: Մենք առանց յապաղելու գործակցեցանք զինուորականներու հետ։ Հետեւաբար, երեկոյեան Զէյթունի ուսանողական աւանէն մինչեւ արեան փոխներարկման հաստատութիւն կենդանի շղթայ կազմուեցաւ, եւ ուսանողները սկսան արիւն տալ: Հետագային այդ քայլը գնահատուեցաւ որպէս ամենաճիշդ եւ գործնական քայլը, քանի որ հազարաւոր վիրաւորներու արիւն պէտք էր:

Դեկտեմբեր 8-ի առաւօտեան պատկերը անպատմելի էր, ողբերգութիւնը՝ աննկարագրելի։  Երեւան կը տեղափոխէինք աղէտեալները։ Անոնց հետ կ’ապրէինք այդ սարսափելի վիշտն ու ահռելի հարուածը:  Մենք պէտք է գործէինք արագ եւ անսխալ:

Կեդրոնական կոմիտէն իր վրայ վերցուց երիտասարդական ուժերու կեդրոնացման եւ տեղաբաշխման հարցը: Կեդրոնի հիմնական նպատակներէն  էր անօթեւան, հարազատներուն, մտերիմներ կորսնցուցած մարդոց բազմակողմանի օգնութիւն ցուցաբերելը, ինչպէս նաեւ միութենական տարբեր հանրապետութիւններու կոմերիտական (կոմունիստական երիտասարդական) կազմակերպութիւններու օգնութիւնը համակարգելը։

Միայն առաջին երկու օրերուն կազմաւորուեցան հարիւրէն աւելի խումբեր, որոնք մեկնեցան աղէտի վայրերը: Երեւանի ուսումնական հաստատութիւններու աւելի քան 6000 ուսանողներ անօրինակ անձնուիրութիւն ցուցաբերեցին: Անոնք բոլոր ճակատներուն վրայ էին` առաջին փրկարարներն էին ու առաջին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերողները, աղէտէն հրաշքով փրկուածները խնամողներն ու տեղաւորողները, աղէտի առաջին օրերէն ամէն տեսակի տեղեկատուական ծառայութիւն եւ որոնողական աշխատանքներ իրականացնողները: Մեր կոմերիտական-երիտասարդական ջոկատներն ու անձնակազմերը կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ կերպով կը գործէին հանրապետութեան օդակայաններուն եւ երկաթուղային կայարաններուն մէջ: Անոնք բեռներ կ’ընդունէին եւ զանոնք աղէտեալ բնակավայրեր կը հասցնէին:

Շուրջօրեայ հերթապահութիւն սահմանուած էր, եւ բեռնաթափումի ու բեռնառաքումի աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած էին աւելի քան 30 հազար երիտասարդներ: Այդ օրերուն անոնք բեռնաթափեցին 800 ինքնաթիռ, 11 հազար թոն բեռ: Հազարաւոր կոմերիտականներ կը պայքարէին աղէտի ծանր հետեւանքներու  վերացման համար։ Անոնք ջոկատներ կազմած կը մասնակցէին շինարարական աշխատանքներուն։ Ուսանողները միաւորուած էին ուսանողական շինարարական ջոկատներու մէջ (ՈՒՇՋ)։ Կարեւորագոյն դերակատարութիւնը ունեցաւ այդ օրերուն մեր կողմէ կազմակերպուած ‹‹Որոնում›› ծառայութիւնը։ Ան դարձաւ հիմնական գործիք, որուն միջոցով կը փնտռէին եւ կը գտնէին կորսուած մարդիկը, յատկապէս երեխաները։ Երիտասարդներն էին կամաւորական փրկարարական ջոկատներու կազմակերպիչներն ու անդամները, եւ նոյն այդ ջոկատները  հետագային հիմք հանդիսացան ‹‹Սպիտակ›› փրկարարական ջոկատի, ապա պետական համապատասխան կառոյցի ստեղծման համար։ ՀԼԿԵՄ կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ նաեւ աղէտի գօտիի օգնութեան դրամատնային հաշուեհամար, եւ կեդրոնական կոմիտէն առաջին մէկ միլիոն ռուբլին Դեկտեմբեր 8ի երեկոյեան արդէն փոխանցեց հաշուեհամարին։

Առաջին օրերուն յայտնի դարձաւ, որ հազարաւոր երեխաներ դարձած են երկկողմանի ծնողազուրկներ: Ի պատիւ մեր ազգային հոգեկերտուածքի եւ պատուախնդրութեան՝ ոչ մէկ երեխայ տեղափոխուեցաւ մանկատուն, անոնց հարազատները անմիջապէս վերցուցին որբերու խնամակալութիւնը։ Մենք՝ երիտասարդական կազմակերպութեան ղեկավարներս,  որոշեցինք վերցնել անոնց հովանաւորութիւնը եւ նման շարժում սկսանք Հանրապետութեան պաշտօնեաներուն մօտ: Կարճ ժամանակի ընթացքին, որբացած երեխաները շրջապատուեցան հոգատարութեամբ եւ ընտանեկան ջերմութեամբ: Ես ստանձնեցի Սպիտակէն երեք երկկողմանի որբերու պատասխանատուութիւնը, որոնք, փառք Աստուծոյ, այսօր լաւ ընտանիք կազմած են Սպիտակի մէջ, դարձած են օրինակելի ծնողներ: Պետական, քաղաքական շատ պաշտօնեաներ, անսալով կոչին,  նոյնպէս վերցուցին որբերու հովանաւորութիւնը, եւ այսպէս բազում-բազում ծրագիրներ իրականացուեցան:

– Երկրաշարժը ցնցեց նաեւ Սփիւռքը եւ հազարաւոր մարդիկ, կազմակերպութիւններ օգնութեան ձեռք մեկնեցին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել Սփիւռքի օգնութեան եւ աջակցութեան մասին։

– Մեր ժողովուրդին պատուհասած աղէտի ժամուն վշտակցելով  մեզի օգնութեան ձեռք մեկնեցին Խորհրդային միութեան բոլոր հանրապետութիւնները։ Անոնք նաեւ ստանձնեցին բնակավայրերու վերականգնումի պատասխանատուութիւնը, սակայն Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք աշխատանքները կիսատ ձգած՝ անոնցմէ շատերը հեռացան աղէտի գօտիէն։

Չեմ կրնար երախտագիտութեան, հիացումի խօսքեր չըսել Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հասցէին: Ցնցուած աղէտալի երկրաշարժի գոյժէն՝ անոնք իրենց կազմակերպուածութեամբ, հաւաքած նիւթական ու ֆինանսական միջոցներով մեծապէս օգնեցին աղէտեալներուն:  Առաջին անգամ կարելի եղաւ  բանալ ԽՍՀՄ երկաթեայ վարագոյրը։ Աշխարհի բոլոր ծայրերէն Հայաստան կը թռչէին օդանաւերը, անոնց հիմնական մասը մեր ազգակիցներուն հաւաքած օգնութիւնը կը հասցնէին աղէտեալներուն` հագուստ ու կօշիկ, սնունդ ու դեղորայք, որոնք այդ օրերուն շատ անհրաժեշտ էին: Սփիւռքը ծանր վիշտի պահուն բռունցքուեցաւ, համախմբուեցաւ իր մայր հայրենիքին շուրջ, նեցուկ եղաւ, ամոքեց ցաւը բազում ծրագիրներով, գործերով մասնակցեցաւ եւ մինչեւ  այսօր ալ կը շարունակէ մասնակցիլ աղէտի գօտիի վերակառուցման: Ոտքի ելան հայազգի յայտնի անձինք, որոնք անասելի դերակատարութիւն ունեցան՝ աշխարհին տեղեկացնելով մեր համազգային ցաւին ու վիշտին մասին։ Յիշենք, որ այդ ժամանակ չկային ընկերային ցանցեր, որպէսզի լուրը անմիջապէս տարածում գտնէր։ Չեմ կրնար չյիշել մեր ժամանակներու հանճար, աշխարհահռչակ Շառլ Ազնաւուրը, որ ոչ միայն հիմնեց ‹‹Ազնաւուրը Հայաստանի համար›› հիմնադրամը՝ աղէտեալներուն օգնելու նպատակով, այլեւ գրեց ‹‹ՔԵԶ ՀԱՄԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ›› երգը, որու կատարման  ներգրաւեց տասնեակ յայտնի երգիչներ եւ ոտքի հանեց  աշխարհը։ Այդ երգի  խտասալիկները տարածուեցան  աննախադէպ արագութեամբ եւ միլիոնաւոր քանակութեամբ։ Կամ ինչպէս չյիշել ամերիկաբնակ նուիրեալ հայորդին՝  Քըրք Քըրքորեանը, որ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք օդանաւեր տրամադրեց Հայաստան օգնութիւն հասցնելու համար։ Աւելի քան150 անգամ ֆինանսաւորեց թռիչքները դէպի հայրենիք, իսկ յետոյ Լինսի հիմնադրամի միջոցներով  աղէտեալներուն համար կառուցեց թաղամասեր ու դպրոցներ, վերականգնեց մշակութային տուներ ու ճանապարհներ։  Ինչպէս շնորհակալ չըլլալ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ այլ շատ ու շատ համայնքներու, որոնք ջանք ու հնարաւորութիւն չխնայեցին կենցաղային եւ բժշկական պարագաներ, սննդամթերք եւ դեղորայք Հայաստան հասցնելու համար։ Հարիւրաւոր հայ  մասնագէտներ՝ բժիշկներ, ճարտարագէտներ, գիտնականներ, փրկարարներ,  իրենց օտարազգի ընկերներուն հետ եկան եւ ամիսներով մասնակցեցան աղէտի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն։ 30 տարի անց անգամ մը  եւս երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն այդ աննախադէպ համախմբման եւ օգնութեան համար, հպարտ եմ ձեզմով եւ ուրախ եմ, որ ձեր ժամանակակիցն եմ եւ հայրենակիցը։

 

– Այդ օրերուն, որպէս փրկարար գործի դաշտին վրայ գտնուող պատասխանատու գործիչ՝ ձեր կարծիքով՝ որո՞նք էին բացթողումները, որ պատճառ հանդիսացան նման պարագաներու համար ակնկալուածէն աւելի մեծ աղէտի, եւ արդեօք կարելի՞ էր նուազ վնասներով դուրս գալ, եթէ չըլլային այդ բացթողումները:

– Այո, փորձեցինք մաքրել փլատակները, անոնց տեղը նոր շէնքեր կառուցել, եւ այդ ամէնը կատարուեցաւ պարբերաբար կրկնուող շրջափակման, պատերազմի, ընկերա-տնտեսական, քաղաքական բարդ ու ծանր  իրավիճակի մէջ: Հիմա կը խորհիմ, կը վերլուծեմ ու կը հասկնամ, որ այդ ամէնը կրնայինք աւելի խելացի, տրամաբանական ու նպատակային ընել՝ առանց խաբէութեան, միջոցներու փոշիացման, առանց  աւելորդ շտապողականութեան կամ աւելորդ հանգստութեան:

Անդառնալի կորուստներ եւ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժը, որուն հասցուցած վէրքերը մինչ օրս ամոքուած չեն։

Երեսուն տարի անց Սպիտակի երկրաշարժի ամենակարեւոր դասերը կարելի է համարել այն, որ.

  1. Խորհրդային միութեան քարոզչամեքենան, որ ամէնուր կը փրոփականտէր խորհրդային պետութեան  առաւելութիւնները եւ անոնց կը հակադրէր «փտող, նեխող» դրամատիրութեան բացերը, գրեթէ անուշադրութեան մատնած էր երկրին մէջ երկրաշարժի պարագային անվտանգութեան ապահովման հիմնախնդիրները։ Կ’անտեսուէր երկրաշարժի գօտիին մէջ բարձրայարկ շէնքերու կառուցման արգելքը։

Հայաստանի մէջ շինարարութիւնը կը կատարուէր ԽՍՀՄ չափորոշիչներուն համապատասխան, որոնք հաշուի չէին առներ Հայաստանի երկրաշարժի վտանգները (բնահողային ջուրերը, շինարարական նիւթերը, այլ գործօններ)։

2․ Չկար վերահսկողութիւն ընդերքի եւ կառոյցներու ճշգրիտ շահագործման գործընթացի նկատմամբ։ Մշակուած չէին աղէտի ենթարկուած

տարածաշրջանի վերականգնման, անհրաժեշտ օգնութեան, արագ վերակառուցման, պահեստային ծրագիրներ, որոնք խիստ անհրաժեշտ էին՝ հաշուի առնելով երկրի երկրաշարժի վտանգաւոր իրավիճակը։

3․  Կը բացակայէին բնակչութիւնը ուսուցելու, տեղեկութիւն տրամադրելու, անոնց արագ արձագանգելու համակարգերը։ Բնակչութիւնը չունէր տարրական գիտելիքներ վտանգին դիմակայելու, տուժածներուն օգնութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ։  Ոչ միայն ԽՍՀՄի, այլեւ միութենական հանրապետութիւններուն մէջ չէին գործեր արագ արձագանգելու կառոյցներ, փրկարարական ջոկատներ, ինչը յանգեցուց  զոհերու եւ խեղուած մարդկանց թիւի աճին։

4․ Յստակ չկազմակերպուեցան տեղական եւ արտասահմանեան օգնութիւններու հասցէական բաշխումը, օգտագործումը եւ անոնց նպատակային կիրարկումը, ինչը բացասական  արձագանգ գտաւ աղէտի գօտիի բնակչութեան մօտ։

5․ Գոյութիւն ունէին աղէտի գօտիի վերականգնման առարկայական եւ ենթակայական դժուարութիւններ։ Առարկայական գործօն էին  պատմական ծանր իրավիճակը ԽՍՀՄի փլուզումը, Հայաստանի անկախացումը եւ անոնց հետ կապուած անցումային բարդ ժամանակահատուածը, Լեռնային Ղարաբաղի ազգային ազատագրական

պայքարը, վառելանիւթի ճգնաժամը,  շրջափակումը, տնտեսական եւ այլ համակարգերու քայքայումը,

որոնք էական վնաս հասցուցին աղէտի գօտիի վերականգնման աշխատանքներուն,  խափանեցին հաստատուած ծրագիրներու իրականացումը։ Միաժամանակ, վերականգնման ընթացքին թոյլ տրուեցան սխալներ,  միջոցները ոչ միշտ օգտագործուեցան նպատակային ձեւով։

6․ Յառաջացաւ յետերկրաշարժեան խառնաշփոթ իրավիճակ, տեղի չունեցաւ    ուժերու համընդհանուր արագ զօրահաւաք՝ տուժած բնակչութեան արդիւնաւէտ օգնութեան կազմակերպման, արտակարգ իրավիճակէն արագ ելքեր գտնելու համար:

 

– Երկրաշարժին յաջորդող տարիներուն հայրենիքը անկախացաւ: Յաջորդաբար եկան երեք նախագահներ: Նշուած բացթողումներու առնչութեամբ ի՞նչ ծրագիրներ մշակուեցան:  

– Երկրաշարժի ցաւալի դասերէն մեկնելով՝  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տարբեր կառավարութիւններ իրենց տնտեսական քաղաքականութեան հիմքը դրին նաեւ աղէտի գօտիի վերականգնումը։ Այդ ուղղութեամբ մշակուեցան տասնեակ ծրագիրներ։

1991ին ստեղծուեցաւ Երկրաշարժի պաշտպանութեան ազգային ծառայութիւն, որ մշակեց պետական ռազմավարութիւն` երկրաշարժի պարագային կայունութեան ապահովման ազգային չափանիշներ, ազգային երկարաժամկէտ ծրագիրներ, ոլորտային իրաւական կարգեր։ Սակայն դեռ շատ ընելիքներ կան՝ պաշտպանական յուսալի համակարգ ունենալու համար։

1994, 1998, 2001 թուականներուն  մշակուեցան  աղէտի գօտիի վերականգնման համալիր ծրագիրներ, որոնցմով պետութիւնը իրականացուց երկրաշարժէն տուժած բնակավայրերու բնակիչներուն բնակարանային եւ ընկերային ոլորտի խնդիրներու լուծման ծրագիրներ։ Պետութիւնը պարտաւորութիւն ստանձնեց անօթեւան ընտանիքները բնակարաններով ապահովելու։ Սակայն հարկ է նկատել, որ երկրաշարժէն երեսուն տարի անց աղէտի գօտիին մէջ  տակաւին առկայ է տնակներու մէջ բնակող  3000 ընտանիք, որոնց բնակարանային խնդրի լուծումը օրախնդիր պահանջ է։

Մշակուեցան քսան քաղաքներու, այդ կարգին՝ Երեւանի, Կիւմրիի, Վանաձորի մանրաշրջանցումի քարտէսները, որոնք քաղաքներու գլխաւոր յատակագիծերու մասը կը կազմեն։

Հայաստանի մէջ կառուցուող շինութիւնները համապատասխանեցուեցան 9 աստիճանի երկրաշարժի դիմակայունութեան։

2008ին ստեղծուեցաւ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն, որուն վերապահուեցան բնական աղէտներու կախարգիլման եւ հետեւանքներու վերացման խնդիրներու լուծման  հիմնական գործառոյթները եւ այլն։

Ի հարկէ, հսկայական աշխատանքներ կատարուած են երկրաշարժէն տուժած բնակավայրերու մէջ, սակայն արդիւնքները գոհացուցիչ եւ վերջնական կարելի չէ համարել: Հետեւանքներու վերացումը ոչ միայն ուղղուած է շէնք-շինութիւններու վերակառուցման, վնասուած ենթակառուցուածքներու վերականգնման,  այլեւ բնակչութեան ընկերա-հոգեբանական վիճակի առողջացման։

 

– Հիմնուելով վերի հարցի պատասխանին ձեր վերջաբանին վրայ՝ ի՞նչպէս կարելի է վերլուծել յետերկրաշարժեայ երեք տասնամեակներու արդիւնքները:

-Վերլուծելով յետերկրաշարժեան երեք տասնամեակի արդիւնքները՝ կրնանք արձանագրել,  որ հակառակ պետական քաղաքականութեան առկայութեան՝ Սպիտակի երկրաշարժէն երեսուն տարի անց ալ ամբողջապէս չեն վերացած աղէտի հետեւանքները:

Վտանգաւոր է, որ տարուէ-տարի կարծես կը թուլնան հաւանական երկրաշարժերու հանդէպ վախը, զգօնութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումները, քաղաքաշինական գործողութիւններու եւ նախագծա-նախահաշուային փաստաթուղթերու կանոնը յաճախ կը մնան թուղթի վրայ, փոխարէնը կ’աւելնան շեղումներն ու անճշդութիւնները՝ շինարարական ծրագիրները իրականացնելու ժամանակ, իսկ վերահսկողական ծառայութիւնները պատշաճ հսկողութիւն չեն իրականացներ։ Եթէ երկրաշարժէն ետք մի քանի տարի լուրջ ուշադրութիւն կը դարձուէր բնակչութեան արտակարգ իրավիճակներու եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան վերաբերեալ տարրական գիտելիքներու փոխանցման, ապա այսօր իրազեկելու եւ ուսուցանելու խնդիրը լիարժէք չի լուծուիր։ Այդ գործը պէտք է պատշաճ ձեւով կատարեն ուսումնական հաստատութիւնները՝ նախակրթարանէն մինչեւ համալսարանները, զանգուածային լրատուութեան միջոցները։

Գրեթէ ուսումնասիրուած չեն երկրաշարժէն ետք տարածքի բնակչութեան արտագաղթի շարժերը, աղէտի գօտիի ժողովրդագրական պատկերը, սովորոյթներու, աւանդոյթներու հաւանական կորուստը, ինչպէս նաեւ աղէտի հետեւանքով տուժած տարածքներու բնակչութեան բնաւորութեան, հոգեբանութեան, արժէքներու հաւանական փոփոխութիւնները։

Կը կարծեմ, որ լուրջ օգնութեան կարիք ունին երկրաշարժէն տուժած գիւղական համայնքները։ Գիւղին անհրաժեշտ են համալիր աջակցութեան ծրագիրներ, հողատարածքներու մշակման համար սարք, պարարտանիւթեր, անջրդի հողերու իւրացման միջոցներ, պահուստային հողերու սեփականաշնորհում եւ անոնց մշակման իրական հնարաւորութիւն եւ այլն։ Կամ արդեօք կարելի չէ իրականացնել հարկային արտօնեալ քաղաքականութիւն, որուն շնորհիւ  կարելի է ապահովել երկրաշարժէն տուժած

համայնքներու ընկերա-տնտեսական զարգացում՝ կրճատելով գործազրկութիւնն ու արտագաղթը։ Այնպէս որ տնտեսական լուրջ ծրագիր մըն ալ է անհրաժեշտ տարածաշրջանը առողջացնելու նպատակով։

 

– 30 տարուան հեռաւորութենէ դիտելով՝ արդեօք կարելի՞ էր խուսափիլ երկրաշարժի հետեւանքներէն եւ այսօր պատրա՞ստ ենք նման աղէտ մը, Աստուած մի արասցէ պատահելու պարագային, աւելի պատրաստ պայմաններով դիմակալելու:

– Կարելի՞ է  արդեօք խուսափիլ երկրաշարժի ցաւալի հետեւանքներէն կամ մեղմել այդ հետեւանքները։ Կը կարծենք՝ այո՛, եթէ մշակենք եւ ընդունինք երկարաժամկէտ եւ համալիր ծրագիրներ արտակարգ իրավիճակներու համար։  Բերեմ օրինակ մը, 1906ին Սան-Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժը գրեթէ ամբողջովին աւերեց քաղաքը, խլեց մարդկային բազմաթիւ կեանքեր, իսկ ԱՄՆ կառավարութեան իրականացուցած՝ երկրաշարժի վտանգի մեղմելու միտուած լայնածաւալ ծրագիրով 1989ին գրեթէ նոյն տարածքին տեղի ունեցած երկրաշարժին զոհ գնաց միայն 62 մարդ: Այսինքն՝ թէ՛ բնակչութիւնը, թէ՛ պետութիւնը յաջողած էր կազմակերպուած ձեւով դիմակայել աղէտը։

Հակառակ մեծ քայլերով յառաջացող բնական գիտութեան՝ երկրաշարժերու կանխատեսումը կը մնայ մեծագոյն բացը։ Երկրաշարժերու հետեւանքով մարդկային զոհերը, կորուստները անվերադարձ են, աւերածութիւնները՝ անգնահատելի, հետեւանքները՝ ծանր։

Այդպիսին էր Սպիտակի երկրաշարժը․ բնութեան նենգ տարերքը վրայ հասաւ մեր նորագոյն պատմութեան ամենածանր ու վճռորոշ պահուն, երբ վիրաւորանքն ու ցաւը զսպելով՝ կը մտածէինք, թէ ո՛ւր տեղաւորենք մեր նոր տեղահանուած հարազատները: Թէեւ երկրաշարժը ամբողջ ժողովուրդ մը սգաւոր դարձուց, բայց սուգի  մէջ իւրաքանչիւրս հասկցանք, որ ինչքան ալ օտարները մեզի ձեռք մեկնեն, մենք ենք մեր վիշտի տէրը, մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք ու ապաւինինք իրար: Պիտի կարողանանք փրկել վիրաւորները, փլատակներու տակ կորսուած ողջերը, պէտք է գտնել ու հողին յանձնել նահատակները: Իմ ներսս միայն խօսք  մը անընդհատ կը հնչէր, որ կարծես կու գար անհասկնալի ու անճանաչ ոլորտէ: Հիմա կը հասկնամ, որ ատիկա մեր ազգային ոգիի հրամանն էր. չյուսահատի՛լ, տոկա՛լ ու գործե՛լ:

Մենք շարունակեցինք ապրիլ, արարել, վերակերտել, որովհետեւ հայ ժողովուրդի ուղին յաւերժութիւնն է ու իր գոյութեան առհաւատչեան` արարումը:

Սպիտակի երկրաշարժը մեծագոյն ողբերգութիւններէն է: Եւ ան հայկական չէ, այլ համամոլորակային ողբերգութիւն։ Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի այդ ողբերգական օրերուն, զոհերուն, փրկարարներուն եւ քաղաքներ ու գիւղեր վերականգնողներու մասին յուշերը ապրին ընդմիշտ։

– Մենք այսօր կ’ոգեկոչենք Սպիտակի երկրաշարժի 30ամեակը, մինչ Հայաստանի մէջ եղած է իշխանափոխութիւնու երկու օր ետք տեղի պիտի ունենան Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին:

 – Կը մաղթէի, որ ընտրութիւնները իրականանան բարձր մակարդակով, օրինական, արդար ու թափանցիկ  ձեւով եւ ունենայինք  արհեստավարժ օրէնսդիր մարմին,  ուժեղ մեծամասնութիւն եւ ուժեղ փոքրամասնութիւն։

 – Եւ հուսկ, կը մնայ այս առիթով ձեր համբերութիւնը շահագործել եւս մէկ հարցումով: Մինչ մեզի համար յստակ է ձեր ազնիւ անձին հեռու եւ մօտիկ անցեալի վաստակը ազգօգուտ գործունէութեանց մէջ, իշխանափոխութեան որպէս հետեւանք, թէ նորերու ինքնահաստատման անարդար գործիք, տակաւին եւ ըստ մեզի ի զուր, կը փորձուի արատաւորել այդ վաստակը: Օրերս դարձեալ  տարբեր առիթներով հրապարակի վրայ կը դրուի ու կը խօսուի այս անգամ հայրենիքՍփիւռք ՊՈԱԿի մէջ կատարուած խախտումներու մասին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով։

– Պիտի չուզէի այս թեմային անդրադառնալ, սակայն քանի կը պնդէք, հետեւեալը յստակացնեմ. ‹‹Հայրենիք-Սփիւռք›› պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը (ՊՈԱԿ-ը) առանձին կառոյց է եւ ինքը կը տնօրինէ իր միջոցները։ Կը ցաւիմ, որ եղած են անճշդութիւններ, սխալներ ու խախտումներ։ Պետութեան հասցուած վնասը կը վերականգնուի։ ՀՀ օրէնսդրութեան համաձայն՝ նախարարը քաղաքական պաշտօն է, եւ ես զբաղած եմ  ոլորտի քաղաքականութեան, ծրագիրներու մշակմամբ, հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդմամբ: Ես յաճախ կրկնած եմ, որ մէկ ձեռքը ծափ չի տար, եւ շատ ուրախ եմ, որ Սփիւռքը, իր տարբեր համայնքներն ու կառոյցները  գործակցած են մեզի հետ, աշխուժօրէն մասնակցած մեր համատեղ ծրագիրներու իրականացման։ Նախարարի գործառոյթներուն մէջ ֆինասա-տնտեսական աշխատանքները չեն ներառուած, անոր համար կան այլ կառոյցներ։

Շնորհակալութիւն «Զարթօնք»ին։

«Զ.»

Լուսանկարները՝ «Արմէնփրես»ի թուայնացած ֆոթոարխիւէն