Սիսիանի Մէջ Ձնահիւսի Տակ Մնացած Զինծառայողներէն Մէկը Դեռ Չէ Գտած

Հայաստան

Սիսիանի մէջ Դեկտեմբեր 5-ին ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն երեքը գտնուած են, իսկ մէկը գտնելու որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին` ըստ”Արմենփրես”-ի՝ կը տեղեկացնէ ՀՀ  ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Զինծառայողները մնացած էին ձնահիւսի տակ, բոլորը գտնուած են, բացի մէկէն: Այժմ որոնողական աշխատանքներ կը կատարուին: Անոնք ձնահիւսի տակ մնացած էին մարտական հերթափոխի անցնելու ընթացքին»,- ըսած է Յովհաննիսեան:

Ան նշած, որ յայտնաբերուած զինծառայողներուն առողջական վիճակը լաւ է: