ՀՀ Կառավարութիւնը Պահեստազօրի Սպայական Կազմի Զօրակոչ Պիտի Յայտարարէ

Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը պիտի յայտարարէ 2018 Դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու պահեստազօրի սպայական կազմին մէջ հաշուառուած՝ մինչեւ 35 տարեկան արական սեռի բժիշկ-մասնագէտներու պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչ (պահեստազօրի սպայական կազմի զօրակոչ)՝ ծառայութեան ժամկէտը սահմանելով երկու տարի:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Դեկտեմբեր 6-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Նշեալ որոշումով պիտի սահմանուի պահեստազօրի սպայական կազմի զօրակոչի ենթակայ անձերու քանակը՝ մինչեւ 70 բժիշկ-մասնագէտ:

Պահեստազօրի սպայական կազմի զօրակոչի ծիրէն ներս՝ մինչեւ 2018 Դեկտեմբեր 31-ը ներառեալ պիտի զօրացրուին «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքով սահման­ուած ժամկէ­տի մէջ պահեստազօրի սպայական կազմի պարտադիր զինուորական ծա­ռա­յու­թիւն անցած զինծառայողները: