Հայաստանի եւ Վրաստանի Իրաւապահ Մարմինները Ջանքերը կը Համատեղեն Թմրամիջոցներու Ապօրինի Շրջանառութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի մասնագէտները մասնակցած են «Թմրամիջոցներու վերահսկելի մատակարարում» թեմայով աշխատանքային հանդիպման:

ՀՀ ՊԵԿ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ անիկա կազմակերպած է ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան թմրամիջոցներու դէմ պայքարի (DEA) տարածաշրջանային գրասենեակը, որուն հետ վերջին տարիներուն սերտօրէն կը համագործակցի ՊԵԿ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութիւնը։

Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն համար իրականացած հանդիպման մասնակցած են երկու երկիրներու մաքսային ծառայութիւններու, ոստիկանութիւններու, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւններու եւ դատախազութիւններու աշխատակիցները։ Գլխաւոր նպատակը թմրամիջոցներու միջազգային ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի գործին մէջ հարեւան երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացումն է, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններուն հնարաւորութիւն պիտի տայ համատեղ կազմակերպելու թմրամիջոցներու եւ  հոգեմետ նիւթերու վերահսկելի մատակարարումներ։ Այդ նպատակով քննարկուած են գործողութիւններու մանրամասները, դիտարկուած երկու երկիրներու օրէնսդրութիւնները եւ փորձը:

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսանենգութիւն դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները ներկայացուցած են վերահսկելի մատակարարումներու վերաբերեալ ՀՀ մաքսային օրէնսդրութեան ու միջազգային պայմանագիրներու դրոյթները եւ վարչութեան իրականացուցած քայլերը։