Արուեստի Խմբային Ցուցահանդէս Լա Քանիատայի «Սթեֆընիզ» Ցուցադրասրահին Մէջ

Սփիւռք

«Սթեֆընիզ» արուեստի ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ խումբ մը արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն միացեալ ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15-ին։

Ներկայացուած արուեստագէտներուն շարքին են՝ Հէրի Պըրչմըն, Արեգ Էլիպէկեան, Գայիանէ Խաչատուրեան, Ռոպերթ Էլիպէկեան, Գօգօ եւ Լորեթա Թիրնի Ուորնըր։

Նշենք, որ ցուցադրասրահը բաց է Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամադրութեամբ:

«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 466 Foothill Blvd., Unit C., La Canada, CA 91011:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.stephaniesgallery.com կայքը, կամ դիմել (818) 790-4905 թիւին եւ info@stephaniesgallery.com հասցէին։