ՀՀ Նախագահը Կը Միանայ ԵՈՒՆԵՍԻՖ-ին` Երեխաներու Ձայնը Լսելի Դարձնելու Համար
Նոյեմբեր 20-ին աշխարհի մէջ կը նշուի Երեխաներու համաշխարհային օրը, որ նաեւ Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութեան ընդունման եւ երեխաներու առաջին համաշխարհային օրն է: Այդ առիթով ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան կը միանայ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի համաշխարհային նախաձեռնութեան` խօսափողը գէթ մէկ օրով տրամադրելու երեխաներուն:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Նոյեմբեր 21-ին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում, որուն ընթացքին երեխաները պիտի հնչեցնեն իրենց յուզող խնդիրներն եւ պիտի քննարկեն ատոնց լուծումները ՀՀ նախագահին, Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Դանիա Ռատոչային, Վիւասել-ՄՏՍ-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Յիրիկեանին, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանին, ինչպէս նաեւ` ՀՀ կառավարութեան, մասնաւոր հատուածի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու այլ ներկայացուցիչներու հետ:
Համաշխարհային նախաձեռնութեան ծիրէն ներս այս շաբաթ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ երեխաները իրենց ձեռքը պիտի վերցնեն զանգուածային լրատուամիջոցներու, քաղաքականութեան, գործարար, մարմնամարզութեան, զուարճանքներու ոլորտի ղեկը` զօրակցելու դպրոց չյաճախող, անպաշտպան եւ տեղահանուած միլիոնաւոր իրենց տարեկիցներուն:
Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութեան ընդունմամբ աշխարհը երեխաներուն խոստացաւ, որ իր ուժերու ներածին չափով ամէն ինչ պիտի ընէ, որ պաշտպանէ եւ խրախուսէ երեխաները` կեանքի, զարգանալու, սորվելու, իրենց ամբողջական ներուժին հասնելու եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու իրաւունքները: «Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութեան» պատմութեան մէջ ամենաարագ եւ լայնօրէն վաւերացուած մարդու իրաւունքներու մասին փաստաթուղթն է:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը վաւերացուցած է «Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութիւն»-ը 1992 թուականին, իսկ 2019-ին ՄԱԿ-ի` Երեխայի իրաւունքներու կոմիտէին պիտի ներկայացնէ կանոնադրութեան իրականացման վերաբերեալ իր պարբերական զեկոյցը:
