Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ֆինանսաւորումով Վերանորոգուած եւ Կահաւորուած է Մարտակերտի Մանկապարտէզը

Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ֆինանսաւորմամբ վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Մարտակերտի Մովսէս Ճանպազեանի անուան մանկապարտէզը:

Այս  մասին  «Արցախփրես»-ի  թղթակցի  հետ  զրոյցի ընթացքին ըսած  է Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախի մասնաճիւղի ընկերային ծրագիրներու պատասխանատու Լուսինէ   Հայրիեան:

Անոր խօսքով` մանկապարտէզի վերանորոգման աշխատանքներուն սկսած են ընթացիկ տարուան Օգոստոս 29-էն, որ աւարտած է Նոյեմբերի  սկիզբը:

Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ  Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախի մասնաճիւղը իր կրթական ծրագիրի ծիրէն ներս կը հոգայ կարիքները նաեւ Ասկերանի, Ստեփանակերտի Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Բաղդիկեաններու անուան եւ Շուշիի  մանկապարտէզներուն, ուր կը յաճախեն մօտ 330 երեխայ: