«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն Գումարներ Չեն Կորսուած

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Այդ մասին Ֆրանսայի մէջ յայտարարած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ֆրանսական AYP ռատիօկայանի «Հայաստանն այսօր» հաղորդաշարի եթերով:

Հայկակ Արշամեան Փարիզ կը գտնուի ամենամեայ հեռախօսամարաթօնի մեկնարկը ազդարարելու նպատակով:

«Համահայկական ուժերով Հայաստանը կրնանք դարձնել մեր երազանքներու երկիրը»,-ըսած է ան: Հիմնադրամի տնօրէնը ֆրանսահայ ունկնդիրներուն յայտնած է, որ շուտով պիտի աւարտին Հիմնադրամին մէջ տեղի ունեցող ստուգումները: «Ըստ նախնական տուեալներու` Հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Հիմնադրամը կը շարունակէ գործել թափանցիկ: Նուիրաբերուած իւրաքանչիւր սենթ պիտի ուղղուի իր նպատակին», – ըսած է հիմնադրամի տնօրէնը։ Այս մասին կը յայտնէ հիմնադրամի մամուլի ծառայութիւնը:

Խօսելով է Համահայկական հիմնադրամի յետագայ ծրագիրերուն մասին` Արշամեան ըսած է, որ Հիմնադրամը պէտք չէ կեդրոնանայ միայն բուն շինարարութեան վրայ: «Ի հարկէ, շատ կարեւոր է ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Սակայն, ես կը ցանկամ, որ Հիմնադրամը նաեւ բովանդակային ծրագիրներ իրականացնէ: Մենք պէտք է Հայաստանը դարձնենք միտք արտադրող երկիր: Պէտք է զարկ տանք Հիմնադրամի միջոցով նորարարութեան նոր բարձր արհեստագիտութիւններուն, մենք պէտք է զարկ տանք երկրի մշակոյթի ու արուեստներու զարգացման: Նաեւ մենք Հայաստանը Հիմնադրամի միջոցով պէտք է դարձնենք կանաչ ուժանիւթի երկիր», – նշած է ան:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային Հայաստանը աշխարհի մէջ կրնայ դառնալ իւրայատուկ ցանցապետութիւն: Ատոր համար կայ Սփիւռքը, անհրաժեշտ է միայն ամրացնել կապերը:

Ֆրանսայի մէջ մեկնարկած է ամենամեայ հեռախօսամարաթոնը, անիկա կը շարունակուի մինչեւ Նոյեմբեր 18-ը: Ֆօնեթոն-2018-ին մասնակցելու համար Ֆրանսա մեկնած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ֆօնեթօնին հաւաքագրուած գումարները պիտի ուղղուին 2019-ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներուն: