Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցած է Ֆրանսահայ Միութիւններու Համակարգող Խորհուրդի Համանախագահութեան Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 15-ին, Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսահայ միութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահութեան հետ։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են Արցախ-Ֆրանսա կապերուն, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցեր:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրանսահայ միութիւններու համակարգող խորհուրդին Արցախին յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու համար՝ յոյս յայտնելով, որ համագործակցութեան բարձր աստիճանը պիտի պահպանուի նաեւ ապագային:

Հանդիպման մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: