Բակօ Սահակեան Այցելած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Ֆրանսայի Մէջ Կազմակերպուած Հեռախօսամարաթօնի Կեդրոն

Հայաստան, Սփիւռք
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 15-ին, Փարիզի մէջ այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած հեռախօսամարաթօնի կեդրոն, հանդիպած հիմնադրամի տեղական կառոյցի պատասխանատուներու հետ՝ Պետրոս Թերզեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ գործընթացին ընդգրկուած կամաւորներու հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի աշխատակիցներուն եւ կամաւորներուն Արցախին մշտապէս օգնելու համար՝ զայն համարելով հայրենասիրութեան եւ արհեստավարժութեան օրինակելի դրսեւորում:

Հանդիպումին մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: