Նոյն Սեռի Անձերու Միջեւ Ամուսնութիւններու Կնքման Արգելքի Նախագիծը Մերժուեցաւ. Սահմանադրոթիւնը Արդէն Կ՝արգիլէ Զայն

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը բացասական եզրակացութիւն տուաւ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի ներկայացուցած Ընտանեկան օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին: Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Արսեն Մանուկեան նշեց, որ Ուրիխանեան նախագիծով կ՝առաջարկէ Ընտանեկան օրէնսգիրքին մէջ ամուսնութիւններու կնքման շարքին լրացնել նոյն սեռի անձերուն միջեւ ամուսնութիւններու կնքման արգելքը: Այդպիսով պիտի բացառուի նոյն սեռի անձերու միջեւ ամուսնութիւններու կնքումը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Սահմանադրութեան 35 յօդուածի առաջին մասով արդէն իսկ կը սահմանուի, որ ամուսնութիւնը հնարաւոր է կնոջ եւ տղամարդու միջեւ: Բացի այդ, ամուսնութեան համար անհրաժեշտ պայմանները ամրագրուած են նաեւ Ընտանեկան օրէնսգիրքի 10-րդ յօդուածով, համաձայն որուն՝ ամուսնութեան կնքման համար անհրաժեշտ են ամուսնացող տղամարդու եւ կնոջ փոխադարձ կամաւոր համաձայնութիւնը եւ անոնց ամուսնական՝ 18 տարեկան տարիքի հասնիլը»,- ըսաւ փոխնախարարը:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով այդ խնդիրները արդէն իսկ կարգաւորուած են, կառավարութիւնը մերժեց Ուրիխանեանի առաջարկած փոփոխութիւնները:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ շահարկումներէն խուսափելու եւ պարզաբանում կատարելու համար՝ հետաքրքրուեցաւ. «Հիմա ենթադրենք երկու տղամարդ կամ երկու կին կ՝երթան քաղաքացիական ամուսնութեան վայր ու կ՝ըսեն՝ մենք կ՝ուզենք ամուսնանալ, կա՞յ արդեօք օրէնսդրական որեւէ ճանապարհ կամ հնարաւորութիւն, որ անոնց ամուսնութիւնը արձանագրուի»:

Փոխնախարարը ըսաւ, որ օրէնքով նման հնարաւորութիւն չկայ, Սահմանադրութեան 35 յօդուածով յստակ կը նշուի, որ ամուսնութիւնը տղամարդու եւ կնոջ՝ իրենց կամքով միասնութիւնն է: