Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի Անուան Պետական Տրամաթիքական Թատրոնի «Հարսանիք Թիկունքում» Ներկայացումը Գօտեպնդեց Լիբանանահայ Թատերասէր Հասարակութեան Ազգային Ոգին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Աղազարեան

«Մե՛նք … – Մենք` բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան`
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,
Մենք` դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
Մենք` սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.
Մենք` մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ… »:

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Տարագրուած հայու բեկորները աշխարհով սփռուած Հայաստանէն հեռու, բայց իր առօրեան Հայաստան դարձուցած սփիւռքը միշտ իր մտահոգութեան կիզակէտը եւ ուշադրութեան առանցքը դարձուցած է հայրենիքը: Հայաստանը լոկ անուն չէ եղած սփիւռքահայերու շուրթերուն, այլ ապրուած իրականութիւն է բառին վաւերական իմաստով: Մեր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մարդկային այդ ահաւոր արհաւիրքը` Ցեղասպանութիւնը ապրեցան եւ իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը զոհաբերեցին յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի, որպէսզի մենք գոյատեւենք: Տէր  Զօրի անապատներուն մէջ հայ մայրը իր զաւակին Այբուբեն սորվեցուց` քաջ գիտնալով, որ ինք եթէ չգոյատեւէ, իր զաւակները պիտի վերակենդանանան այդ մոխիրներէն:

Հայուն ճակատագիրը միշտ ալ հեզասահ ընթացք չէ ունեցած: Սփիւռքի մէջ հայը գոյատեւման պայքար մղած է իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը պահելու եւ մեր ազգի երեք գանձերուն` դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ընտանիքին վրայ գուրգուրացած է, որպէսզի սերունդներ հասակ առնեն հայեցի մթնոլորտի մէջ: Հայաստանի մէջ ալ հայը ապրած է ճգնաժամային պահեր` դիմագրաւելով տարբեր տեսակի դժուարութիւններ: Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հայու բեկորներ վերադարձան հայրենիք, կեանքի ի՜նչ մարտահրաւէրներ ապրեցան: 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ ազատ ապրելու յոյս ներարկեց պայքարող հայ ժողովուրդին, երկար չտեւեց: Սակայն, հակառակ հայրենիքին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն, Հայաստանի պատգամը նոյնը կը մնայ` սիրել հայրենիքը, անոր շահերը գերադասել անհատական շահերէ եւ գիտնալ անոր արժէքը, այդ հողը, որ ի գին մեր զինուորներու եւ ժողովուրդի արեան պահուած է դարերէ ի վեր:

Ի՜նչ խորախորհուրդ զգացումով պարուրուեցաւ լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան էութիւնը, երբ պատեհ առիթը ընձեռուեցաւ դիտելու Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրով` Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը, որ իր տեսակին մէջ եզակի եւ խորիմաստ պատգամներ ուղղեց հանդիսատեսներուն: Նիւթին մասին արդէն մամուլով անդրադարձ կատարուեցաւ: Սակայն պէտք է մատնանշել, որ անիկա դիտելու վայելք ընձեռելէ բացի, հոգեկան զօրաշարժի ենթարկեց բազմահարիւր հանդիսատեսներու հոգիները: Բեմայարդարումը կ՛արտացոլացնէր այն մթնոլորտը, ուր պիտի ընդգրկուէր հանդիսատեսը վաստակաւոր արուեստագէտներու խաղարկութեան ընդմէջէն: Ներկայացումը իր հարազատութեամբ եւ այժմէականութեամբ թատրոնով ծարաւ եւ ազգային ոգիով թրծուած թատերասէր հասարակութիւնը փոխադրեց Հայաստանի աւանդական ընտանեկան մթնոլորտ, հերոսական Արցախի քառօրեայ պատերազմի ժամանակաշրջան: Հանդիսատեսները պահ մը իրենք զիրենք զգացին Հայաստանի մէջ` չկարենալով զսպել այն յորդառատ արցունքները, որոնք հոսեցան իւրաքանչիւրին աչքերէն: Թատրոնին հերոս` Արմէնին մեծ մօր դերով Կորանը (Սուսաննա Պաղտասարեան), որ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ է, կտրուկ կերպով մերժեց եւ աղբամանին մէջ թափեց իր աղջկան Մոսկուայէն բերած դեղը, որովհետեւ ան նախքան այդ դեղը բերելը հարցուցած էր իր թուրք դրացիին եւ անոր ցուցմունքով գնած էր զայն: Ինչպիսի՛ զգացում եւ կեցուածք պէտք էր որդեգրէր Կորանը, երբ իր երիտասարդ տղան` Գագիկը 1990-ի արցախեան կռիւներուն իր մատաղ կեանքը զոհաբերած էր հայրենիքը թշնամիներէն ազատագրելու նուիրական բագինին: Կորանը չէր սխալած իր զաւակները ազգային ոգիով դաստիարակելու իր նուիրական առաքելութեան մէջ, երբեմն յանդիմանելով եւ զգաստութեան հրաւիրելով զանոնք, որ հայրենի հողը սուրբ է, իսկ մեր նահատակներու արիւնը` թանկագին: Պէտք չէ անհեթեթ պատճառներով մեր նահատակներուն արիւնը պղծել` բարեկամութիւններ հաստատելով թշնամի ցեղի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ արտագաղթել հայրենիքէն հեռու` օտար ափերուն վրայ ապրուստի եւ կեանքի լաւ պայմաններ փնտռելով: Կորանը նաեւ չբացառեց, որ իրեն հետ ապրող դուստրը եւ փեսան աւելի կը սիրէ, քան արտասահման ապրող փեսան եւ աղջիկը, որովհետեւ Երեւան ապրող իր աղջիկը ընտանիքին հետ Գիւմրի եկան, որպէսզի իրենց մօր սուգի ցաւը մեղմացնեն: Ահա մարդկային զգացումի եւ ընտանեկան առողջ դաստիարակութեան լաւագոյն դրսեւորում մը:

Վերադառնալով Արմէնին (Տարօն Գրիգորեան) հարսանեկան խրախճանքին ընդհատման պատճառին, որ քառօրեայ պատերազմն էր, տեսանք մարդկային իսկական հոգեվիճակներ եւ մտածելակերպեր` ընտանիքի կարգ մը անդամներու կողմէ հարսանեկան խրախճանքը շարունակելու առումով, նաեւ Արմէնին յախուռն կեցուածքն ու որոշումը, երբ հարսանիքը կէս ձգեց եւ գնաց Արցախ ռազմաճակատ` կռուելու համար մեր ֆետայի զինուորներու կողքին, հայրենի հողը պաշտպանելու օտար սադրիչ ուժերէն եւ թշնամիներէն: Օրինակելի արարքով մը իր ընկերը` Արամը (Արսէն Սաղաթելեան),  իր աները` Ռազմիկը (Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Յովհաննէս Յովհաննիսեան) եւ վերջերս երկար փնտռտուքէ ետք գտնուած իր նահատակ քեռիին զաւակը` Նարեկը (Գէորգ Գրիգորեան) մեկնեցան ռազմաճակատ` կռուելու թշնամիին դէմ: Բայց ափսոսանք ապրեցանք, երբ լսեցինք նոյնինքն Արմէնին աներոջ այն արտայայտութիւնը, որ մեր զինուորները զէնք չունին կռուելու համար: Քառօրեայ պատերազմը լաւ աւարտ չունեցաւ: Ազրպէյճանցիներուն յարձակման եւ ներխուժման դէմ դնելու համար քանի մը հարիւր հայ նահատակներ ինկան մարտադաշտին մէջ: Արմէնը վերադարձաւ պատերազմէն, բայց իր դէմքին վրայ շատ մեծ թախիծ կար. Իր մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիքը իրեն ընկերակցած մտերիմ ընկերը զոհուած էր: Բայց ան յուզումնախառն խնդրեց իր կնոջմէն իր քողը վերստին դնել իր գլխուն եւ իր իսկ զինակից զինուորներուն անունով յորդորեց պարել, որովհետեւ կեանքը կը շարունակուի եւ պէտք է ապրիլ:

Հայ կնոջ կերպարին առումով բացի Կորանէն, նաեւ գնահատանքի արժանի է Արմէնին դրացին` Սանամը (Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի դափնեկիր Անահիտ Յարութիւնեան), որ մարդկային արժէքներու եւ հայ կնոջ առաքինութիւններու լաւագոյն օրինակն էր իր բարութեամբ, հեզութեամբ, մարդասիրութեամբ, անկեղծութեամբ եւ դրացիին օգնութեան փութալու իր պատրաստակամութեամբ: Ափսոս, որ իր հոգին ալ ալեկոծուեցաւ, որովհետեւ ռազմաճակատ մեկնած իր զաւակը վերադարձաւ իբրեւ դափնեկիր նահատակ ու անշնչացած մարմին:

Դաստիարակիչ այլ պատկեր մը կայ թատրոնին մէջ, երբ Արմէնին հայրը` Աշոտը եւ մօրաքրոջ ամուսինը` Սամուէլը (Արկադի Ղարագուլեան) ազգային բանավէճ ունեցան: Աշոտը չհամոզուեցաւ իր քենեկալին` Սամուէլին Հայաստանէն արտագաղթելու բոլոր հաստատումներուն ու դրդապատճառներուն, ներկայացնելով զինք իբրեւ ազգային ոգիէ պարպուած անարժէք անձ:

Հայ պայքարող կնոջ կերպարին մարմնաւորումը կատարեցին բոլոր դերասանուհիները` Կորանը, Սանամը, Անին, Լալան, Լուսինէն, Անժելան, Ռուզանը:

«Հարսանիք թիկունքում» իրական կեանքէ առնուած գիւմրեցի նահապետական ընտանիքի մը պատմութիւնն էր, որ ազգային պատգամ փոխանցելու կողքին կը հրաւիրէ հանդիսատեսները հայ օճախները չխաթարելու այլասերիչ եւ ազգակործան երեւոյթներով, պատրաստակամ ըլլալու Հայաստանին սպառնացող որեւէ վտանգի  նոյնիսկ մեր կեանքին գնով, ամուր կառչելու հայրենի հողին եւ Հայաստանը գերադասելու ամէն բանէ վեր` քաջ գիտնալով եւ մէջբերելով բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի խօսքը, «Մենք` բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրայ, ժայռի պէս հաստատ…» պէտք է մնանք, ինչ որ մեր նախնիները ապրած են այս համոզումով եւ հաւատքով:

Կը մնայ շնորհաւորել Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան դաստիարակիչ մտայղացումը Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնը Լիբանանի մէջ հիւրախաղերու հրաւիրելու, յատկապէս նկատի ունենալով «Հարսանիք թիկունքում» ներկայացումը, որ հոգեկան վերազարթօնք մը ստեղծեց լիբանանահայ թատերասէր հանրութեան մօտ:

Արժանի յարգանք եւ գնահատանք Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական թատրոնի բեմադրիչ Լութֆիկ Յարութիւնեանին, արհեստավարժ դերասաններուն եւ քուլիսներու ետին բոլոր աշխատողներուն, որոնք 35-րդ անգամ ըլլալով «Հարսանիք թիկունքում»-ը բեմ բարձրացուցին` գոհացնելով արուեստասէր հասարակութեան պապակ հոգիները:

Բոլորին վարձքը կատար: