ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դարձաւ Արաբական Պասքեթպոլի Ակումբներու Աղջկանց Ախոյեան

Այլեւայլ

Հոկտեմբեր 31-ին, իր աւարտին հասաւ Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու աղջկանց 20-րդ ախոյեանութիւնը, երբ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ եգիպտական Ահլին:

Երկու կազմերը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած էին այս մրցաշարքին ընթացքին, եւ այդ մրցումին յաղթանակ արձանագրած էին ՀՄԸՄ-ի աղջիկները:

Երէկուան այս մրցումին եւս, ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեամբ ընթացած այս մրցումը դարձեալ աւարտեցաւ Լիբանանի ներկայացուցիչին յաղթանակով` 83-57 արդիւնքով:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ տիտղոսը պահեց իր մօտ, բարձրացնելով բաժակը, ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, որոնք Աղեքսանդրիա գացած էին քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:

Մրցումին աւարտին, Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուի տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Մեղրի Թորոսեանին` տօնական մեծ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող Ռեպեքա Աքըլ ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը` անոր կազմակերպիչներուն կողմէ:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը այս փառաւոր յաղթանակին համար` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մաղթելով նորանոր նուաճումներ: