Համաշխարհային Տէրութիւնները Կը Շահարկեն Սէուտցի Լրագրողի Սպաննութիւնը Սեփական Շահերու Համար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր


Սէուտական Արաբիոյ յայտնի լրագրող Ճամալ Խաշոգճիի սարսափելի սպաննութիւնը կը շահարկուի որոշ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերուն համար՝ անտեսելով յանցագործութեան նողկալի բնոյթը: Այս աղտոտ խաղի հիմնական մասնակիցներն են Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները:

2018-ի Հոկտեմբեր 2-ին Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի Ճամալ Խաշոկճին այցելած է Սթամպուլի մէջ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն, ամուսնալուծութեան փաստաթուղթերը վերջնական տեսքի բերելու համար, որպէսզի կարենայ ամուսնանալ իր թուրք հարսնցուին՝ Խատիճէ Չենգիզի հետ: Խաշոգճին այլեւս երբեք չէ ելած հիւպատոսարանէն: Ան սպաննուած է եւ, ըստ թրքական աղբիւրներու, մասնատուած է  սէուտցի յատուկ խումբի քննիչներու կողմէն, որոնք նախօրէին ուղարկուած էին Սթամպուլ, իսկ սպաննութենէն անմիջապէս ետք վերադարձած Սէուտական Արաբիա երկու առանձին օդանաւերով:

Խաշոգճին, որ երկար տարիներ կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած է սէուտեան կառավարութեան մէջ, 2017-ին հեռացած էր Սէուտեան Արաբիայէն եւ բնակութիւն հաստատած Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ հիասթափուելով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամետ պըն Սալմանի անսահմանափակ իշխանութենէն: Խաշոգճին սկսած է քննադատական յօդուածներ գրել «Ուաշինկթըն փոստ» թերթի մէջ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները քանի մը անյաջող փորձ կատարած էին զինք հայրենիք վերադարձնելու համար:

Նախ, Սէուտական Արաբիան յայտարարեց, որ Խաշոգճին Սթամպուլի հիւպատոսարանէն հեռացած է իր ժամանումէն մէկ ժամ անց: Սակայն, թրքական կառավարութենէն գաղտնի տեղեկութիւններու արտահոսքերէն ետք, ըստ որոնց, հիւպատոսութենէն Խաշոգճիի դուրս ելելու վերաբերեալ տեսանիւթ չէ եղած, սԷուտեան իշխանութիւնները փոխեցին իրենց խօսքը՝ պնդելով, որ այլախոհ լրագրողը սպաննուած է հիւպատոսութենէն ներս ծագած ծեծկռտուքի ժամանակ: Մէկ շաբաթ անց Սէուտեան Արաբիոյ ղեկավարները կրկին փոխեցին իրենց ըսածը, յայտարարելով, որ Խաշոգճիի սպաննութիւնը պատահական չէր, այլ կանխամտածուած: Սէուտեան Արաբիան հեռացուց անվտանգութեան հինգ աշխատակիցներ եւ ձերբակալեց տասնեակ ուրիշներ, յայտարարելով, որ ոչ թագաւոր Սալմանը, ոչ գահաժառանգ արքայազնը որեւէ նախնական տեղեկութիւն չեն ունեցած սպաննութեան ծրագրի մասին: Սակայն հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ամբողջ երկիրը կը գտնուի գահաժառանգ արքայազնի հսկողութեան տակ, ոեւէ մէկը չի հաւատար, որ ան տեղեակ չէր թագաւորութեան բարձրագոյն անվտանգութեան եւ հետախուզութեան պաշտօնեաներու կողմէն իրականացուած Խաշոգճիի սպանութեան մասին:

Այդ ընթացքին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ մշտական մրցապայքարի մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ սուննիներու իսլամական աշխարհի գերիշխանութեան համար, կաթիլ-կաթիլ տեղեկատւութեան արտահոսք կ’ապահովէր թրքական լրատուամիջոցներուն Խաշոգճիի սպանութեան վկայութիւններով: Սկիզբը թուրքերը կը պնդէին, թէ տեղեկութիւնները ստացած են Խաշոգճիի Apple ժամացոյցէն, որ արձանագրած է անոր խոշտանգումներն ու սպաննութիւնը: Իսկ երբ մասնագէտները պարզաբանեցին, որ այդ ժամացոյցը նման հնարաւորութիւն չունի, պարզ դարձաւ, որ թրքական կառավարութիւնը ժամացոյցը օգտագործած էր Սէուտական հիւպատոսարանին մէջ տեղադրուած գաղտնի ձայնագրման սարքերը պահելու համար:

Իմ կարծիքով, թրքական կառավարութեան կողմէն լրատուամիջոցներ ուղղուող շարունակական արտահոսքերու նպատակն է՝ ուղերձ յղել սէուտական իշխանութիւններուն, որ կրնայ հրապարակայնօրէն խայտառակ ապացոյցներ ներկայացնել Խաշոգճիի  սպանութեան մասին, եթէ սէուտցիները մեծ փրկագին չվճարեն Էրտողանի լռութեան համար։

Յայտնի է, որ թրքական տնտեսութիւնը խարխլուած է եւ արտաքին պարտքը փակելու համար խիստ կարիք ունի տասնեակ միլիառաւոր տոլարներու։ Դրական արձագանգ չստանալով, Էրտողան սէուտցիները նախազգուշացուց, որ անձամբ կու գայ ազգային հեռուստատեսութիւն եւ կը բացայայտէ «մերկ ճշմարտութիւնը», քանի դեռ սէուտցիները չեն բաւարարած թուրքերու պահանջները։

Անցեալ շաբաթ իր ելոյթի մէջ Էրտողան առաջին անգամ հրապարակեց Խաշոգճիի սպանութեան պատմութիւնը եւ լուրջ կասկածներ յայտնեց անոր պատահական ըլլալու մասին: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ նախագահը, կարծես թէ յոյսեր փայփայելով, որ սէուտցիները վերջապէս պիտի բաւարարեն իր դրամաշորթութեան պահանջները՝ չհրապարակեց իր գաղտնի հաւաքուած բոլոր ապացոյցները: Իր ելոյթի մէջ Էրտողան չնշեց  ոչ Սէուտեան Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազնի անունը, ոչ թուրքերու ձեռքի մէջ գտնուող տեսաձայնային նիւթերու մասին, որոնք արձանագրած էին Խաշոգճիի ցաւալի մահը։ Փոխարէնը, Էրտողան մի քանի հարց տուաւ, որոնց պատասխանները ան հաւանաբար գիտէր, ինչպէս օրինակ՝ ո՞ւր է Խաշոգճիի դիակը եւ ո՞վ է թուրք աշխատակիցը, որ զայն թաքցուցած է սէուտցիներու պահանջով։ Միեւնոյն ժամանակ, սէուտցիները շանտաժի ենթարկելու նպատակով, թրքական մամուլը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Խաշոգճիի մասնատուած մարմնի զարհուրելի պատկերները…

Երրորդ մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն է, աւելի ճիշտ՝ նախագահ Թրամփը։ Երբ ան առաջին անգամ իմացաւ, որ Խաշոգճին սպաննած են Սթամպուլի մէջ Սէուտեան Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ, նախագահ Թրամփ շարունակեց շեշտել իր սեփական «խոշոր ձեռքբերումը»՝ անցեալ տարի իր կատարած այցի ժամանակ 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան ժամանակակից զէնքերու վաճառքը Սէուտական Արաբիոյ՝ իբր թէ «450 հազար աշխատատեղ ստեղծելով ամերիկացի աշխատողներու համար»։ Ինչպէս միշտ, ան ուռճացուց  ֆինանսական օգուտները, քանի որ ան չէ ստորագրած 110 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնքի վաճառքի պայմանագիր։ Իրականութեան մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքում 10-20 միլիառ տոլարի զէնք վաճառելու մասին։ Աւելին, մէկ տարի առաջ նախագահ Թրամփ ըսած էր, որ նոյն զէնքի վաճառքը ամերիկացիներուն համար կը ստեղծէ 40 հազար աշխատատեղ, այլ ոչ թէ 450 հազար։ Սակայն, Խաշոգճիի սպանութենէն քանի մը օր անց նախագահ Թրամփ այս անգամ այդ թիւը ուռճացնելով հասցուցած է մինչեւ 500 հազար աշխատատեղի։ Մէկ շաբաթ անց ան կրկին աւելցուցած է իր թիւը՝ «մէկ միլիոն աշխատատեղ», այնուհետեւ՝ «աւելի քան մէկ միլիոն աշխատատեղ»:

Անկախ անկէ, թէ քանի աշխատատեղ կը ստեղծուի եւ քանի միլիարդ դոլար կը բերի զէնքի վաճառքը, Թրամփ երբեք իր ցաւակցութիւնը չյայտնեց Խաշոգջիի ընտանիքին։ Թէեւ Թրամփ զգուշացրեց Սէուդական Արաբիան «ծանր հետեւանքներու» մասին, սակայն ան աւելի բարձր գնահատեց զէնքի արժէքը, քան մարդկային կեանքը: Միակ ամերիկեան «պատիժը»՝ ԱՄՆ-ի վիզաներու դադրեցումն էր այն 18 սէուտցիներու համար, որոնք Սթամպուլ ուղարկուած են Խաշոգճին սպաննելու համար:

Ցաւօք, պետութիւններու ղեկավարներու մեծ մասը չի մտածեր մարդոց մասին… Սա սովորական երեւոյթ է: Անոնք կը մտածեն միայն իրենց սեփական կամ իրենց երկրի շահերուն մասին: Իրենց գործունէութեան ընթացքին ղեկավարները պատրաստ են ստել, խաբել եւ նոյնիսկ սպաննել։

Խաշոգճիի թուրք հարսնցուն շատ ճիշդ վարուեցաւ՝ մերժելով Սպիտակ տուն այցելելու Թրամփի հրաւէրը։ Ան չէր ուզեր, որ իր վիշտը շահարկուէր  այն քաղաքական գործիչի կողմէն, որ միայն հոգ կը տանի իր սեփական շահերուն, այլ ոչ թէ խոշտանգուած զոհի ընտանիքի ցաւին ու տառապանքներուն մասին:

Արեւմտահայերէնի թարգմանեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-Ը