ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» Օրաթերթը 110 Տարեկան է

Սփիւռք

«Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին ծառայելու առաքելութեամբ՝ 110 տարի առաջ ճամբայ ելած «Ասպարէզ»ը, այսօր, տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընձեռած ու, ձեւով մը, պարտադրած պայմաններուն տակ՝ ընդարձակած է իր հասողութեան դաշտը, հաղորդակցելով իր սահմաններէն դուրս ընթերցողներու, օրէ օր աճող, զանգուածի մը հետ:

Թերթի յոբելենական 110-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտը, առաւել քան 200,000 տոլար աննախընթաց նուիրատուութիւնները ժամանակաւոր ոգեւորութիւն ստեղծելէ անդին, մեզ կը պարտաւորեցնեն առաւել լարումով աշխատելու ու այս հանգրուանը դարձնելու մեկնակէտ՝ առաւել ընդգրկուն կերպով շարունակելու մեր աշխատանքները»,- կը գրէ Ասպարէզը

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը շնորհաւորէ «Ասպարէզ»-ի  110ամեակը՝ մաղթելով, որ անոր անցած պատկառելի ճանապարհը կը մնայ անխափան եւ ան յարատեւ կը շարունակէ իր հայանպաստ առաքելութիւնն ու կ’ընդարձակէ իր հասանելիութեանն դաշտը։
Ծնուննդ շնորհաւոր «Ասպարէզ»։