ՀՅԴ-ն Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Առանց Դաշինքի

Հայաստան

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր ձեւաւորած աւանդոյթին, ակնկալուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանց դաշինքի:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ`   ԱԺ ճեպազրոյցի ընթացին այդ մասին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Տեղի ունեցած Գերագոյն ժողովին  որոշուած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն: «Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն»ը   երբէք դաշինքներով չէ գացած ընտրութիւններու: ՀՅԴ-ն ողջ քաղաքական դաշտին մէջ կ՛առանձնայ իր կերպարով, եւ ունենալով այդ առանձնայատկութիւնները, մենք կը գերադասենք այս անգամ եւս առանց դաշինքի մասնակցիլ»,-ըսած է Ռուստամեան:

Ան նշած` իրենց ունին իրենց  ըսելիքը: