Անդրանիկ Կարապետեան Կը Նուաճէ Ծանրամարտի Եւրոպայի Ախոյանութիւնը

Uncategorized

Ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Լեհաստանի Զամոսք քաղաքին մէջ, էջմիածինցի Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ.) բարձրացուց 176 քկ., հրեց 193 քկ. եւ երկամարտի 369 քկ. արդիւնքով՝ գրաւեց առաջին տեղը եւ նուաճեց ախոյեանի կոչումը:

Կարապետեան ոսկիէ մետալի արժանացաւ պոկում եւ հրում վարժութիւններուն մէջ: