Ամէնէն Երկար Թռիչքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»:

Իմ աշխատանքային ասպարէզիս վերջին երեսուն տարիները, մինչեւ այսօր, եղած են ճամբորդութիւններով լեցուն: Եթէ ճամբորդութիւնները ընդգրկեցին աշխարհի տարբեր կողմերը` ներառելով թռիչքներ տարբեր ուղղութիւններով եւ ժամերով, բայց չէի կրնար պատկերացնել, որ նաեւ պիտի կատարէի ամէնէն երկար թռիչքը` ըստ վիճակագրական տուեալներու: Քաթարէն մինչեւ Նոր Զելանտա` աւելի քան տասնութ ժամ: Այս բոլոր ժամերը օդին մէջ վերածուած են տարբեր տարողութեամբ կեանքի մը, ապրուած վիճակի մը:

Նոր Զելանտա, օգոստոս 2018: Եթէ Ուէլինկթընը անոր մայրաքաղաքն է, բայց Օքլանտը անոր կարեւոր եւ խոշորագոյն քաղաքներէն է: Զելանտայի «նորը» եթէ պիտի ընդգրկէր նոր աշխարհի հասկացողութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ` անոր բնութեան գեղեցկութիւնը, որ շնչահեղձ ընելու աստիճան կը գրաւէ ամբողջ էութիւնդ: Մէկ կողմէ անոր կանաչ եւ խիտ անտառները, բայց նաեւ` լեռներն ու ովկիանոսը: Տակաւին լիճերը` սփռուած տարբեր հովիտներու մէջ: Իւրաքանչիւր քայլափոխի պիտի կարենաս կանգ առնել եւ ըսել` «Այս որքա՜ն շատ գեղեցկութիւն` երկրի մը համար»:

Դէպի Նոր Զելանտա թռիչքը ամէնէն երկարն է, բայց կարծես այս երկարութի՞ւնը զինք հեռացուցած է մնացեալ աշխարհէն… Ստեղծելով ինք իր աշխա՞րհը… Ներկայ օրերու աշխարհի այս թոհուբոհին» մէջ կը զգաս, որ Նոր Զելանտան հեռու է այդ բոլորէն եւ տակաւին ներկայ աշխարհի «տակնուվրայութիւնները» չեն հասած հոն…

Բայց ի՛նչ խօսք, որ հայը հասած է հոն: Օքլանտ, Նոր Զելանտա:

Հրաւիրուած էի խօսելու հայկական գաղութին` օգոստոս 10-ին: Խնդրած էին ինձմէ, որ խօսիմ մշակութային արժէքներու եւ կենցաղի պահպանումի կարեւորութեան մասին: Զարմանալի չէր նիւթին ընտրութիւնը եւ մտահոգութիւնը: Նոյն հայուն սփիւռքեան ապրելու-վերապրելու մտահոգութիւն-մարտահրաւէ՞րը, այս անգամ Նոր Զելանտայի մէջ:

«Մօտաւորապէս երկու հարիւր եւ քսան հայ կը հաշուէ Նոր Զելանտայի գաղութը», Նուպար Եաղուպեանն է խօսողը: Նուպարը ճարտարապետ է եւ` Նոր Զելանտայի հայ ընկերակցութեան ատենապետը: Ընկերակցութիւնը ունի պետական ճանաչում եւ հիմնուած է որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն` 1996 թուականին: Հայութեան հարիւր եւ քսան անդամները կ՛ապրին Օքլանտի մէջ, իսկ մնացեալները` Ուէլինկթընի:

Նուպարը կու գայ Իրաքէն: Հայութեան մէկ կարեւոր մասը Իրաքէն հաստատուած է Նոր Զելանտա: Այս իմաստով, իրաքահայ գաղութին մէկ փոքր տարբերակն է, որ հիմնուած է, բայց այս անգամ` Նոր Զելանտայի մէջ: «Հայերը 1990  թուականներէն սկսեալ սկսան գալ այս նոր աշխարհը: Միակ երկիրն ու կարելիութիւնն էր, որ մեր առջեւը բացուեցաւ Իրաքէն դուրս գալու համար», ըսաւ Ռիմա Համբարձումեանը, որ բժշկագիտական տարրալուծարանի մէջ կ՛աշխատի: Զարմանալի չէ Իրաքէն այս հոսքը դէպի Նոր Զելանտա: Յակոբ Եըլտըզեանը այս իրականութեան տուաւ քիչ մը կատակ-նշմար մը: «Շնորհակալ ենք Սատտամէն, որ պատճառ եղաւ բոլորիս այս գեղեցիկ երկիրը հաստատուելու»: Բայց Յակոբին կատակ- տրամադրութեան մէջ կար նաեւ կարօտը եւ անոր զգացումը: «Իրաքը իմ տունս է, ես հոն ծնայ: Իրաք յարգեց մեզ` հայերս, եւ առիթը տուաւ կառուցելու մեր կեանքերը` եկեղեցի, դպրոց ու տակաւին…», ըսաւ Յակոբ: «Բայց երեւի ասկէ ետք պէտք է լուրջ կերպով մտածել, թէ ո՛ւր պէտք է ծախսել մեր գաղութին կեանքերը շինելու համար: Հոն, ուր պիտի մնա՞նք… Բայց ո՞ւր պիտի մնանք», եզրափակեց Յակոբ:

Հայուն սփիւռքեան կեանքին մէկ մեծ որոշում-մարտահրաւէ՞րը. «Ո՞ւր պիտի մնալ ու ապրիլ»:

Հերմիկ Սուքիասեանը եկած է Պարսկաստանէն: 1979 թուականին հաստատուած է նախ Միացեալ Նահանգներ, որմէ ետք` Նոր Զելանտա: «Ամուսինս  չկրցաւ Ամերիկայի կեանքին ընտելանալ», ըսաւ Հերմիկ: Այս իմաստով, ընտանիքը մնացած է բաժնուած` սփիւռքեան այս իրականութեան մէջ: Հերմիկին տղան նախընտրած է մնալ Ամերիկա, իսկ իրենք եկած են Նոր Զելանտա: Սփիւռքեան նոր կեանքի համար մղուած պայքարը այնքան ալ դիւրին չէ: Երեւի սփիւռքեան կեանքերը ընտանիք միացնող չեն ալ: Մնացած է հայկական գաղութը որպէս միացնող օղակ: «Գաղութը պզտիկ է, բայց մեզ իրար կը միացնէ», ըսաւ Հերմիկ` քիչ մը քաջալերուած:

Ռիման ալ համաձայն է այս իրականութեան հետ: «Հայութիւնը արմատ է ինծի համար: Ասիկա իմ կեանքիս համար հպարտութիւն է: Գաղութի կեանքին այս կապուածութիւնը մեր հայութիւնը կը պահէ», եզրափակեց Ռիման:

Նոր Զելանտայի կառավարութիւնը նախանձախնդիր է, որ փոքրամասնութիւններ իրենց մայրենին պահպանեն այս երկրին մէջ: Այս իմաստով, կառավարութիւնը ամէն միջոց կ՛ընծայէ, որպէսզի փոքրամասնութիւնները «տոկան» եւ «գոյատեւեն» իրենց ինքնութեան մէջ: «Հայաստանէն ապսպրեցինք եւ շուտով պիտի ղրկեն յուշակոթող մը, ուր մեր այբուբենը զետեղուած է, եւ որ պիտի տեղադրենք գաղութային այս կեդրոնին մէջ», ըսաւ Նուպարը` ցոյց տալով այն հողաշերտը, որ տրամադրուած է հայկական ընկերակցութեան, որպէսզի զետեղեն յուշակոթողը, եւ որպէսզի հայը «տոկայ» եւ շարունակէ «գոյատեւել»…

Բայց առկայ էին նաեւ հայն ու հայկականութիւնը` ոչ հայկական շրջանակի մէջ:

Չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին պէտք էր խօսէի Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի տարածաշրջաններուն մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ Աստուածաշունչի առաքելութեան մասին: Մայրաքաղաք Ուէլինկթընի տեղական եկեղեցիի մը սրահին մէջ հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն մը: Հետաքրքրական էր, որ եկեղեցիին սրահը զարդարուած էր աշխարհի տարբեր երկիրներու դրօշակներով` նկատի ունենալով, որ այդ շաբաթը յատկացուած էր «Միջազգային օրուան» յատուկ տօնախմբութիւններու համար:

Բայց նախ անհրաժեշտ տեսայ խօսիլ ինքնութեանս եւ հայուն պատմութեան մասին` անցնելով Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, հասնելու համար այն իրականութեան, թէ ինչո՛ւ ես Պէյրութ ծնած եմ:

Չեմ գիտեր, թէ զուգադիպութի՞ւն էր, թէ՞ ոչ, բայց Նոր Զելանտա այցելութիւնս զուգադիպեցաւ նոր մէջտեղ եկած Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներուն, որ պիտի փորձէր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մը յղել խորհրդարան` առ ի վաւերացում: Եւ այս իմաստով, բաւական բան սկսած է խօսուիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղական մամուլին մէջ: Կ՛երեւի` իմ ներկայութիւնս ալ հաստատեց իրողականութիւնը… Որպէս վերապրո՞ղ

ու վկայութի՞ւն…

Դասախօսութենէն ետք միջին տարիքի մարդ մը մօտեցաւ ինծի: Ան նախ շնորհաւորեց ելոյթս եւ ինքզինք ներկայացուց` ըսելով. «Իմ անունս Նիքոլա Փափատափուլօ է»: Դժուար չեղաւ ենթադրել եւ կամ կռահել, որ ան յունական արմատ ունի: Բայց երեւի պէտք էր սպասէի անակնկալին…

«Ես հայ եմ,- ըսաւ Նիքոլա,- իմ մեծ հայրս Փափազեան եղած է եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ հազիւ փրկուած է ստոյգ մահէ: Ուզած է կեանքը փրկել եւ ամուսնացած է յոյն-կիպրացիի մը հետ եւ մականունը փոխած` Փափատափուլոյի»։ Նիքոլա շարունակեց պատմել իր պատմութիւնը. «Ես իմ ընտանիքիս եւ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան մասին լսեցի միայն իմ հօրմէս եւ մինչեւ այսօր կը փափաքիմ աւելին գիտնալ իմ արմատներուս մասին»: Եթէ Նիքոլայի դէմքին վրայ կար յուզում, բայց նոյնքան` ինքնագիտակցութիւն:

«Ցեղասպանութիւնը ահաւոր բան է, եւ տեղ մը եկաւ, որ այլեւս չկրցայ կարդալ ու լսել անոր մասին: Հոգիս չկրցաւ վերցնել այդ ամբողջ դժբախտութիւնը,- ըսաւ ան:- Բայց հիմա ամէն գնով կ՛աջակցիմ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը ընդունուի մեր խորհրդարանին մէջ», եզրափակեց Նիքոլա:

Եթէ մէկ կողմէ մեծ անակնկալ էր, որ չէի կրնար պատկերացնել, թէ պիտի հանդիպէի Նիքոլա անունով հայու մը ոչ հայկական այս շրջանակին մէջ, բայց միւս կողմէ` երբեք զարմացած չէի: Վերջապէս «կորսուած» եւ կամ «թաքնուած» հայե՞ր, որոնց շարունակականութիւնը կրնայ հասնիլ եղեր մինչեւ Նոր Զելանտա: Բայց «կորսուած» եւ կամ «թաքնուած» այդ վիճակներուն մէջ եւ մէջէն կայ ինքնութեան եւ արմատներուն կանչը: Բայց նաեւ` գիտակցութիւնը եւ անոր արթնութիւնը: Ու տակաւին` «կորսուածը» վերագտնելու արժէքը:

Նիքոլան ուզեց, որ ունենանք յիշատակի նկար մը: Ինք որոշեց, թէ ո՛ւր պէտք է նկարուինք նոյն այդ եկեղեցիի սրահին մէջ: «Հո՛ն, այդ խաչին քով, որուն տակ կայ թրքական դրօշակը,- ըսաւ Նիքոլան: –  Թուրքը պէտք է այս խաչին քով գայ եւ զղջայ իր գործած բոլոր ոճիրներուն համար: Եւ այս նկարն ալ մեր հանդիպման յիշատակը, բայց նաեւ պայքարը թող ըլլայ»:

«Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»: Հուրի Եըլտըզեանը երիտասարդ փաստաբան մըն է, որ հազիւ վեց տարեկան հասակին ծնողքին հետ Իրաքէն փոխադրուած է Նոր Զելանտա: Արդարութիւնը սիրելով եւ կառչելով այդ արժէքին հասնելու գիտակցութեան` ան ընտրած է մասնագիտութիւն մը այդ մէկը իրականացնելու համար: Բայց Հուրին կը հաւատայ նաեւ իր ժողովուրդին արդարութեանը հասնելու գիտակցութեան: Ան անդամ է Նոր Զելանտայի նոր կազմուած Հայ դատի յանձնախումբին, որ տենդագին աշխատանքի լծուած է Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը խորհրդարանի կողմէ վաւերացնելու համար: «Չենք ուզեր շատ արագ շարժիլ, որ բանաձեւը չմերժուի,- ըսաւ Հուրի: – Ժամանակ կու տանք, որպէսզի պէտք եղած աշխատանքները տանինք եւ, ըստ պատշաճի, գետին պատրաստենք յաջողցնելու համար»:

Հուրին եւ իր գործընկերները կ՛աշխատին տեղական կուսակցութիւններու հետ միատեղ` հասցնելու համար Ցեղասպանութեան բանաձեւը խորհրդարան: «Հպարտ եմ իմ հայկական ինքնութեամբս եւ այդ կը պարտիմ իմ ծնողներուս, որոնք զիս հայ մեծցուցին: Ես կ՛ուզեմ յարգել իմ ծնողներուս դաստիարակութիւնը», ըսաւ Հուրի:

Հուրին նաեւ եղած է Հայաստան: «Երկու տարի ալ սիրողական գործ ըրի հայրենիքին մէջ եւ, այս իմաստով, շատ կապուեցայ երկրին: Հիմա հպարտօրէն կ՛ուզեմ ըսել, որ հայ եմ»:

Թէեւ ամէնէն երկար թռիչքին ձեռնարկեցի, բայց ատիկա երբեք հեռու չթուեցաւ, քանի որ հանդիպեցայ հայերու, որոնք հպարտօրէն կառչած են իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան: Բայց նաեւ կ՛ուզեն իրենց հպարտ ինքնութիւնը հասցնել իր արժանի արդարութեան…

Ամէնէն երկար թռիչքը… Բայց այդ թռիչքը շատ կարճ եղաւ ինծի համար: Շա՛տ կարճ, որովհետեւ կար հայուն միացնող օղակը…

Եւ հայուն միացնող օղակը նոյնինքն հայուն ազգային հպարտութիւնը եւ պահանջատիրութեան արդարութիւնն է: Եւ ուր ամէնէն երկար թռիչքը կը վերածուի ամէնէն մօտին…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ