Նախագահ Թրամփի Անվտանգութեան Հարցերու Խորհրդականը Հոկտեմբեր 24ին Պիտի Այցելէ Պաքու, Ապա՝ Երեւան
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն, Հոկտեմբեր 24-ին, պիտի այցելէ Ատրպէյճան, ուր պիտի հանդիպի երկրի ղեկավարութեան հետ:
Պոլթըն իր «թուիթըր»ի էջին միջոցով յայտնած էր, որ Հոկտեմբեր 20-ին պիտի այցելէ Ռուսիա, ապա՝ Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան ու մտադիր է հանդիպիլ գործընկերներու հետ՝ «անվտանգութեան ամբողջ շարք մը հարցերով ամերիկեան շահերը յառաջ մղելու համար»:
