«Ինչո՞ւ Կոմիտասի Յուշարձան Չկայ Իր Ծննդավայր Քիւթահիոյ մէջ․ Որովհետեւ Հա՞յ է․ Թուրք Լրագրող

Աշխարհ, Էրկիր

Թրքական «Birgün» թերթի լրագրող Զաֆեր Տիփեր «Իմ համերկրացի Կոմիտասը» վերնագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է մեծանուն հայ երգահան, երգիչ, երաժշտական ազգաբան, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի (Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան) կենսագրութեան, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը:

Տիփեր, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակելով տեղահանութիւն, այնուամենայնիւ, կարեւոր հարց կը բարձրացնէ` «ինչո՞ւ Կոմիտասի յուշարձան չկայ իր ծննդավայր Քիւթահիոյ մէջ(Քութինա-ակունքի խմբ.)…

Յօդուածին հեղինակը նախկին եւ այժմեան թրքական իշխանութիւններուն վարած այլատեացութեան քաղաքականութիւնը քննադատող հարցեր կը բարձրացնէ.

«Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այն, որ Փարիզի մէջ, ուր Կոմիտասը մահացած է, յուշարձան տեղադրուած է, իսկ Քիւթահիոյ մէջ, ուր ան ծնած է, նոյնիսկ յուշաքար մը չկայ:

«Ան, ինծի, քեզի, թուրքերուն չէ հայհոյած, ձայն չէ հանած, նոյնիսկ չէ ըսած.  «Ինչո՞ւ մեր վրայ ձեռք բարձրացուցիք, դեռ ինչէ~ր կրնային ընել, ինչէ~ր կրնային ստեղծագործել»: Վերջին 18 տարին ոչ խօսած է, ոչ ծիծաղած, ոչ լացած, ոչ երգած, ոչ դաշնամուր նուագած է, միայն լռած է եւ մահացած Փարիզի հոգեբուժարաններէն մէկուն մէջ: Արդեօ՞ք վերջին շունչը տալու ատեն ըսած է` «ինչո՞ւ»:

«Արդեօ՞ք այս մարդը, որ հաւաքագրած, համակարգած, պահպանած եւ մեզի հասցուցած է թրքական դասական երաժշտութիւնը, թիւրքիւները (խմբ. ժողովրդական երգեր), ձեզի այդքան հաճելի եկող երաժշտութիւններէն շատերը, պէտք չէ արժանանայ յուշարձանի մը, թէկուզ փոքրիկ յուշակոթողի մը:

«Որո՞ւն բացատրեմ իմ մտահոգութիւնը… Այս օրերուն Հունգարիոյ մէջ «Կիւլ Պապա» աղօթատեղիի բացումը իրականացնող նախագահի՞ն, ներքին գործոց, արտաքին գործոց, տնտեսութեան նախարարութիւններո՞ւն, թէ՞ այսպէս կոչուած մշակոյթի նախարարութեան, արդեօք Քիւթահիոյ նահանգապետի՞ն:

«Ա~խ, եթէ միայն հարցնէիք, թէ ինչ մտահոգութիւն ունիմ…

«Մտահոգութիւնս այն է, թէ ինչո՞ւ Քիւթահիոյ մէջ չկայ այսքան նշանաւոր մէկուն` Կոմիտասի կիսանդրին, յուշարձանը…

«Անոր համար, որ հա՞յ է…»