Նիկոլ Փաշինեան Կոչ Կ՛ուղղէ Քաջալերելու Դեկտեմբերին Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Կողմ Եղող Պատգամաւորները

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղած է քաջալերելու այն պատգամաւորները, որոնք հանդէս կու գան գործող Ազգային ժողովը լուծարելու եւ Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու օգտին: Այս մասին վարչապետը ըսած է ֆէյսպուքի իր էջի միջոցով։

«Սիրելի հայրենակիցներ. անհրաժեշտ է քաջալերել եւ ոչ թէ մեղադրել այն պատգամաւորները, որոնք հանդէս կու գան գործող Ազգայի Ժողով լուծարելու եւ Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու օգտին:

“Անոնք, ըստ էութեան, կը կատարեն ձեր պահանջքը: Քաջալերենք բոլոր անոնց, որոնք կ՛ընդունին, որ չկայ աւելի բարձր բան` քան ժողովուրդի կամքը: Դուխով»՛,- գրած է վարչապետը:

Գործող Ազգային ժողովը լուծարելու եւ Դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու կողմ հանդէս եկած է Ազգային  ժողովի պատգամաւոր Արման Սահակեանը: «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին գործող կառավարութեան ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին աջակցութիւն յայտնած է նաեւ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Գէորգ Կոստանեան: