«Շանսոնի Վերջին Աստուածը», Կամ Ինչո՛ւ Թուրքերը Ազնաւուր Չունին. Թուրք Սիւնակագիրին Յօդուածը` Նուիրուած Աշխարհահռչակ Երգահանի Յիշատակին

Աշխարհ

«Ան ազդեց երեք սերունդի, հինգ մայրցամաքի վրայ: Պատմեց սիրոյ, երեխաներու, փոքրիկ մարդոց, մերժուածներու մասին: Ան բնական էր, պարզ». թուրք մտաւորական Ռագըփ Տուրան այսպէս բնութագրած է աշխարհահռչակ ֆրանսահայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրը։

 artigercek.com կայքի իր սիւնակին մէջ յայտնի հայուն նուիրուած իր յօդուածին մէջ Տուրան Ազնաւուրը անուանած է «շանսոնի վերջին Աստուածը»: Թուրք սիւնակագիրը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստի վրայ, որ Ազնաւուրի մահէն ետք գրուած բոլոր յօդուածներուն մէջ անոր մասին գէթ մէկ բացասական բառ չկայ, ինչ որ հազուադէպ երեւոյթ է:

«Ան ազդած է քանի մը մշակոյթի, քանի մը սերունդի ու երեւի բոլոր 5 մայրցամաքներու վրայ: Նոյնիսկ ռեփըրները երգած են անոր երգերը: Երկու ամուսնութիւններէն 6 երեխայի հայր էր: Անոր թոռնիկներէն մէկը հրէա է, մէկն ալ` արաբ: Խառնածնութեան գեղեցկագոյն արդիւնք են», – կը շարունակէ սիւնակագիրը:

Տուրան առանձնակի ուշադրութիւն դարձուցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ Ազնաւուրի ունեցած ազդեցութեան ու այդ հարցով անոր ունեցած ձգտումներուն վրայ:

«Ան բարի կամքի տէր անձնաւորութիւն էր: Դէմ էր զէնքին, բռնութեան: Հաւանաբար կը մտածէր` «տեսնես կրնա՞մ հայն ու թուրքը մերձեցնել»: Ան շատ անկեղծօրէն կը ցանկար բարեկամութիւն հաստատել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ», – կը գրէ Ռագըփ Տուրան:

Ըստ անոր` չվաւերացնելով Հայ-թրքական արձանագրութիւնները` երկու երկիրներու խորհրդարաններն ալ «ջուրը նետեցին» անոր ջանքերը:

«Ազնաւուրի ետեւէն կ՛արտասուէին Փարիզն ու Երեւանը եւ տասնեակ այլ քաղաքներ: Իսկ երբեւէ մտածա՞ք, թէ ինչու թուրքերը Ազնաւուր չունին..․», – ֆրանսահայ երգիչին նուիրուած իր գրութիւնը աւարտած է թուրք մտաւորականը:

Յիշեցնենք, որ Շառլ Ազնաւուր մահացած է Հոկտեմբեր 1-ին` 94 տարեկանին: Անոր հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, վաղը` Հոկտեմբեր 6-ին պիտի կայանայ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: