Մոսկուա Կ՛ողջունէ Արցախի Տագնապին Գծով Դրական Միտումները. Զախարովա

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա Հոկտեմբեր 4-ին յայտարարեց, թէ Մոսկուա կ՛ողջունէ Արցախի տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ նկատուող դրական միտումները եւ խոստացած է կարելին ընել գործընթացին աջակցելու համար։

Ըստ Azatutyun.am-ին՝ պատասխանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած վերջին հանդիպումին, ինչպէս նաեւ ղեկավարներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած կարճատեւ զրոյցին մասին ատրպէյճանցի լրագրողին հարցում-պնդումին, թէ փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ Մոսկուան է, որ դրական հենք ստեղծած է այդ բանակցութիւններու կայացման համար՝ Զախարովա ո՛չ հերքեց եւ ոչ ալ հաստատեց՝ նշելով. «Կ՛ողջունենք բոլոր այն դրական միտումները, որոնք կը նշմարուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Այժմ կարեւորը զանոնք զարգացնելն ու անոնց չվնասելն է՝ անզգոյշ հռետորաբանութեամբ, որ, դժբախտաբար, կը կատարուի վերջին շրջանին»: