Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յուլիսէն Սեպտեմբեր 8.9 Միլիոն Տոլարի Նպաստ Հայթայթած Է Հայաստանին Եւ Արցախին

Հայաստան, Սփիւռք

2018ի երրորդ եռամսեակին ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 8.9 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին:

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը իր իսկ ջանքերով ապահոված է սոյն օժանդակութեան ամբողջութիւնը՝ 8.9 միլիոն տոլար արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ, որոնք նուիրուած են AmeriCares (7.9 միլիոն տոլար) եւ MAP International-ի (1 միլիոն տոլար) կազմակերպութեանց կողմէ:

Սեպտեմբեր 2018-ին, Քենզըսի Ազգային պահակագունդը զինուորական օդանաւով ձրիաբար Երեւան փոխադրեց 210,000 տոլար արժէքով դեղորայք, զորս AmeriCares կազմակերպութիւնը նուիրած էր Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան:

Իսկ Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը առատաձեռնօրէն հոգացած էր MAP International-ի նուիրած 1 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով քաղցկեղի դեղերը փոխադրելու ծախսը: Այս դեղերը ուղարկուեցան Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն:

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուեցան ՀԲԸՄ-ի Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, Արաբկիրի Մանուկներու միացեալ հիմնարկին, Հայաստանի օգնութեան ֆոնտին, Մանկաբարձային, նորածնաբանական, եւ կնաբանական կեդրոնին, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան, «Մուրացան» երեխաներու ներզատաբանութեան (Endocrinology) կեդրոնին, Նորք Մարաշ բժշկական կեդրոնին, եւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն:

2018-ի առաջին ինն ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 20.7 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյքներ, եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն առաքեց Հայաստան եւ Արցախ:

Անցեալ 30 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 806 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2410 ծովային արկղերով:

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ։ Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակ. հեռաձայն՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net: