ՌԴ Գլխաւոր Դատախազի Տեղակալ Սահակ Կարապետեան եւ Այլ Հայ Մը Ուղղաթիռի Վթարի Զոհ Դարձած են

Աշխարհ, Սփիւռք

ՌԴ գլխաւոր դատախազի տեղակալ Սահակ Կարապետեան զոհուած է ուղղաթիռի վթարի հետեւանքով։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով ՏԱՍՍ-ը լրատուականը։

Ըստ տուեալներուն, վթարը տեղի ունեցած է Գոսդրոմայի մարզէն ներս:

Գլխաւոր դատախազի տեղակալի մահուան մասին տուեալները հաստատած են «ՌԻԱ»-ի եւ «Ինթըրֆաքս»-ի աղբիւրները:

Այլ աղբիւրի մը համաձայն՝ «Հելիփորթմոսկուա» համալիրին պատկանող AS 350 B3 ուղղաթիռը կը թռչէր առանց արտօնութեան:

«Օդանաւին մէջ եղած է չորս մարդ, որոնց մէջ դատախազի տեղակալ Սահակ Կարապետեանը: Բոլորը մահացած են»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի Կարապետեանէն եղած է նաեւ Արեգ Յարութիւնեան անունով այլ հայ մը: