Կլենտէյլի Մէջ «Արցախ» Փողոցի Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ գտնուող «Արցախ» փողոցի անուանակոչութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2ին` ներկայութեամբ քաղաքային խոհուրդի անդամներուն, Ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի եւ ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու ու համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ: Կլենտէյի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան պատմական համարեց օրը` նշելով, որ այսպիսով, քաղաքը կը ճանչնայ հայ համայնքի տասնեակ տարիներու ներդրումը Կլենտէյլի կայացման ու զարգացման գործին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Կլենտէյլի Ուիլսըն եւ Հարուըրտ փողոցներու մէջտեղը երկարող Մերիլընտ փողոցը «Արցախ» անուանակոչելու որոշումը ընդունուած էր Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամներու միաձայն քուէարկութեամբ 2018-ի Մարտ 13-ի նիստին: