Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական Գիւղերուն Մէջ Բնակող Հայերու Անիրականանալի Ցանկութիւնը

Աշխարհ, Էրկիր

Արեւմտեան Հայաստանի հայկական գիւղերուն մէջ բնակող հայերը կը ցանկան, որ մկրտուողները, հարսն ու փեսան իրենց պսակադրութեան ատեն հայ քահանայի օրհնութիւնը ստանան: Սակայն անիրականանալի ցանկութիւն է:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը պէտք է իր բոլոր հետեւորդներու ցանկութիւնը կատարէ, ցանկութիւն պարագային նաեւ քահանայ ուղարկէ: Բայց պետական խոչընդոտներէն բացի, կը հանդիպին նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի «դիմադրութեան»:

«Արեւմտահայոց ազգային համագումար» կազմակերպութեան անդամ, «Վերադարձ» հիմնադրամի նախագահ Արագած Ախոյեան, որ յաճախ Արեւմտեան Հայաստան կ՛այցելէ, Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան ամէն ինչ կ՛ընէ, որ ատիկա տեղի չունենայ, որովհետեւ ինք ի զուր դրամներ պէտք է ծախսէ: Ըստ անոր, Պոլսիսէն քահանաներ ուղարկելը բաւական լուրջ ծախսի կը կարօտի: Մինչդեռ գործող եկեղեցի ունինք, Սուրբ Կիրակոսը, եթէ այնտեղ ունենային մշտապէս գործող քահանաներ, իրենք ալ ուղղակի հոն կ՛երթային:

Առանց այդ ալ մնացած բոլոր պետական խոչընդոտներուն կը գումարուին նաեւ ֆինանսական ծախսերը, որ այդպէս ալ ցանցկութիւնը կը դառնայ անիրականանալի: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահը  ոչինչ չ՛ըներ, ընդհակառակը,  սրբօրէն կը կատարէ իսլամական կառոյցներու պատուերները, երեւի»:

Ա. Ախոյանի  խօսքով, շատ են այն մարդիկ, որոնք կը ցանկան ստանալ հայ քահանայի օրհնութիւնը: Խնդրանքով դիմած են նաեւ իրենց:

«Անցած տարի Կախթայ էինք, խնդրեցին որ գոնէ քահանայ մը ըլլայ, որ չերթան ասորական եկեղեցի, թէեւ խնդիր չկայ: Կախթայի հայ համայնք ներկայացուցիչները ըսին, որ Աթէշեան մեզի իր գիրկը չառաւ»,- նշեց ան: