
Շառլ Ազնաւուր Պիտի Յուղարկաւորուի 12-րդ Դարու Վանքի Մը Մէջ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուր պիտի յուղարկաւորուի Փարիզէն ոչ հեռու գտնուող Մոնֆոր -լ’Ամորի համայնքին մէջ: «Փանորամա»-ի հաղորդմամբ, ատիկա եղած է անոր վերջին կամքը:
Այդ համայնքին մէջ տեղակայուած է երգիչին տուներէն մէկը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ՛անցնէր իր ընտանիքին հետ:
«Իմ հողը` ֆրանսական հողն է: Իմ Մոնֆոր-լ’Ամորի համայնքին` 12-րդ դարու վանքին մէջ, կառուցուած է յատուկ ոչ մեծ ընտանեկան գերեզման»,- ըսած է Ազնաւուր:
Ելիզէյեան պալատը նաեւ կը դիտարկէ Երեւանի մէջ Հոկտեմբերին կազմակերպել ձեռնարկ, երբ յարգանքի տուրք կը մատուցուի Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին: Ձեռնարկը կրնայ տեղի ունենալ Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 11-12-ին կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու Միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որուն ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
Շառլ Ազնաւուրի վերջին լուսանկարը եղած է ֆրանսացի դերասան Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի հետ: 360tv-ի հաղորդմամբ, լուսանկարը հրապարակուած է երգիչին պաշտօնական instagram-ին մէջ:
«Իմ յաւերժական ընկեր Ժան-Փոլ»,- գրուած է լուսանկարին տակ:
Համաշխարհային մեծութեան երկու աստղերու լուսանկարին հեղինակն է Մարք տէ Տոմինիքոն: