Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-ամեակի Տօնակատարութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Շաբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2018-ին,Դամասկոսի «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Ս.Օ.Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ Տնտեսական Յանձնախումբի կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 27-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, ներկայութեամբ Սուրիոյ մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան փրոֆ.Արշակ Փօլատեանի, ՀՀ Հիւպատոս տիար Վազգէն Խանճեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Նորա Արիսեանի, «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սոնա Քիւրտեանի եւ աւելի քան 120 համակիրներու:

Ընկհ. Քրիստին Սեդիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց ընկհ. Մարիա Գաթըքլեանը վարչութեան խօսքը արտասանելու: Ան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր բոլորին կիզակէտը հանդիսացող այն օրանն է, ուր մեր ինքնութիւնը կ՚ամրագրենք»:

Հալէպէն ժամանած սիրուած երգիչ Խաչիկ Աշճեան հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերով ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թոփճեանի:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինով տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի «Արեւ» խոհանոցին բացումը, որ իրականացած էր Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մեծարգոյ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատի քաջալերական ներդրումով:

Բացումէն ետք վարչութեանս ատենապետուհին իր անհուն երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց առաջին տիկնոջ՝ Ասմա ալ Ասատին, միութեանս սատար կանգնելուն համար։ Ան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տնտեսական Յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարելին չխնայեցին միութեանս գործը յաջողցնելու ի խնդիր:

Ապա ընկհ. Քրիստին հրաւիրեց փրօֆ. Արշակ Փօլատեանը իր սրտին խօսքը ուղղելու ներկաներուն:

Մեծարգոյ դեսպանը նախ շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 27-ամեակին առիթով, ապա շեշտեց, որ Հայաստան համայն հայութեան հայրենիքն է։ Դեսպան Փօլատեան շնորհաւորեց ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղը՝ «Արեւ» խոհանոցի բացումին առիթով եւ գնահատեց ՍՕ Խաչի գործունէութիւնը Սուրիոյ ողջ տարածքին:

Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սոնա Քիւրտեան եւս իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան ըսաւ. «Այսօր հպարտալի առիթ է ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան խոհանոցի նախաձեռնութիւնը իրականացած տեսնելը։ Սա արդիւնք է վարչական ընկերուհիներուն ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքին։ Ընկերուհին բոլորին մաղթեց անսպառ ուժ եւ կորով՝ յանձնառութեամբ կատարելու իրենց վստահուած գործը,անխախտ մնալու ՍՕ Խաչի ազգանուէր առաքելութեան մէջ:

Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր՝ ներկաներուն բարձր տրամադրութեամբ: