«Գեղարդի Վանք եւ Ազատ Գետի Վերին Հովիտ»-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ուժեղացուած Պաշտպանութեան Կարգավիճակ Պիտի Շնորհուի

Աշխարհ, Հայաստան

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ Սեպտեմբեր 27-ին տեղի ունեցաւ «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1954-ի պայմանագրութեան կից 1999-ի երկրորդ արձանագրութեան կոմիտէի բիւրոյի նիստը, որու ընթացքին ի թիւս այլ հարցերու քննարկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գտնուող «Գեղարդի վանք եւ Ազատ գետի վերին հովիտ»-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ուժեղացուած պաշտպանութեան կարգավիճակ շնորհելու վերաբերեալ յայտը:

ՀՀ ԱԳՆ լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը յայտնեն, որ Կոմիտէի բիւրոյի անդամները քննարկած են յայտի բովանդակութիւնը եւ մասնագիտական հարցեր ուղղած ՀՀ պատուիրակութեան անդամներուն, որմէ ետք միաձայն որոշուած է յայտի ընդունումը ներառել Դեկտեմբերին կայանալիք 1999-ի երկրորդ արձանագրութեան կոմիտէի միջկառավարական յանձնաժողովի 13-րդ նիստի օրակարգին մէջ:

Տեղեկանք. «Գեղարդի վանք եւ Ազատ գետի վերի հովիտ»ը 2000-էն ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, հանդիսանալով  մարդկութեան համար առաւել մեծ արժէք ներկայացնող յուշարձան: «Ուժեղացուած պաշտպանութիւնը» ԵՈՒՆՍՔՕ-ի 1954-ի պայմանագրութեան կից 1999-ի երկրորդ արձանագրութեամբ մշակուած մեքանիզմ է` զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու յատուկ պաշտպանութիւն սահմանելու համար: Ան նպատակ կը հետապնդէ ապահովել մարդկութեան համար առաւել մեծ արժէք ներկայացնող յատուկ  յուշարձաններու լիարժէք եւ արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը` միջազգային կամ ոչ միջազգային զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ: Մեքանիզմը կը պահանջէ հակամարտող կողմերուն ձեռնպահ մնալ նման յուշարձանի վրայ յարձակումէ, ինչպէս նաեւ զայն կամ ատոր անմիջական շրջապատը ռազմական նպատակներով որեւէ օգտագործումէ: Արձանագրութիւնը նաեւ կը սահմանէ  քրէական պատիժներ` ֆիզիկական անձերու կողմէ մշակութային արժէքի նկատմամբ ուժեղացուած պաշտպանութիւնը խախտելու պարագային:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ  ներառուած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած  «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը», «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը», «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը, «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ», «Քոչարի. աւանդական խմբապար» մշակութային արժէքները:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ- ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ցայսօր ընդգրկուած են Հաղպատի եւ Սանահինի վանական համալիրները, Գեղարդաւանքը Ազատ գետի հովիտով, Էջմիածնի եկեղեցիներն ու Մայր տաճարը, ինչպէս նաեւ Զուարթնոց հնավայրը: