Վարչապետ Փաշինեան Տուշանպէի Մէջ Մասնակցած է ԱՊՀ Պետութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Աշխարհ, Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին, որուն մասնակցած են Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ուզպեքիստանի, Ատրպէյճանի, Ղրղզիստանի, Մոլտովայի նախագահները եւ Թուրքմէնիստանի փոխվարչապետը:

Նախ տեղի ունեցած է խորհուրդի նեղ կազմով նիստը, այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով:

Գագաթնաժողովին ամփոփուած են ԱՊՀ ծիրէն ներս ընթացիկ տարուան ընթացքին համագործակցութեան արդիւնքները եւ քննարկուած փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման հիմնական ուղղութիւնները: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած 2020 թուականին Հայրենական Մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակի տօնակատարութիւնները համատեղ նշելու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Որոշում տրուած է թողարկել 75-ամեակի յոբելեանական համատեղ շքանշան: Նիստի ընթացքին ստորագրուած են բազմակողմ համագործակցութեան շարք մը փաստաթուղթեր: Որոշում կայացուած է ԱՊՀ նախագահութիւնը 2019  թուականին փոխանցել Թուրքմէնիստանին:  Խորհուրդը յայտարարութիւն ընդունած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 70-ամեակի առիթով, հաստատած 2021 թուականին «ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք» ձեռնարկները Տաճիկիստանի մէջ իրականացնելու  որոշումը, 2021 թուականն ԱՊՀ-ի մէջ յայտարարել ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան տարի․․․:

ԱՊՀ յաջորդ գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թուրքմէնիստանի մայրաքաղաք Աշքապատի մէջ` 2019 թուականի Հոկտեմբեր 11-ին: Նիստի ընթացքին ստորագրուած են ընդունուած որոշումներու արձանագրութիւնները:

Նեղ կազմով նիստի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ԱՊՀ ծիրէն ներս համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումն ու տարբեր ուղղութիւններով կապերու խորացումը: ՀՀ վարչապետին խօսքով` ԱՊՀ-ի ներուժը տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ երբեք չէ սպառած եւ անիկա իրացնելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ է իրականացնել համապատասխան քայլեր: «Ատիկա պիտի նպաստէ ազգային տնտեսութիւններու մրցունակութեան, քաղաքացիներու բարեկեցութեան բարձրացման, մարդասիրական կապերու զարգացման եւ մարդկային կապերու ամրապնդման»,- ըսած  է ան:

Անդրադառնալով  2020 թուականին նշուող Յաղթանակի 75-ամեակին` վարչապետը նշած է, որ Մայիս 9 յաւերժ պիտի մնայ անկոտրում քաջութեան եւ միասնականութեան խորհրդանիշ մեր ժողովուրդներու, որոնք թիկունք թիկունքի տուած կռուած են ռազմաճակատի վրայ եւ անձնազոհաբար պայքարած  յանուն ընդհանուր յաղթանակի` բերելով որոշիչ աւանդ նացիզմէն աշխարհը ազատելու գործին:  «Հայ ազգը առանձնայատուկ վերաբերմունք ունի Յաղթանակի կերտման գործին մէջ: Բանակ զօրակոչուած հայերուն կէսը չեն վերադարձած տուն այդ սարսափելի պատերազմէն: Աւելի քան 70 հազար հայ զինծառայողներ պարգեւատրուած են ռազմական պատուոգիրներով եւ մետալներով, անոնցմէ 100-էն աւելին արժանացած են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումին: Այդ տօնը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու յիշատակը բոլորիս կոչ կ՛ընէ Յաղթանակի 75-ամեակը նշել արժանուոյն, համատեղ հակազդել պատմութիւնը վերախմբագրելու փորձերուն, նացիզմի հերոսացման եւ նէոնացիզմի քարոզչութեան դէմ»,-ըսած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ ընդգծած է Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 70-ամեակի առիթով ընդունուած յայտարարութեան կարեւորութիւնը:

«ԱՊՀ-ի մէջ կը զարգանայ տնտեսութեան եւ նորարարութիւններու, մշակութային-մարդասիրական ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը: Այդ ծիրէն ներս կը ցանկամ տեղեկացնել, որ 2019 թուականին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային ֆորումը, որ պիտի դառնայ կարեւոր հարթակ աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու միջեւ գործնական եւ գիտական կապերու զարգացման համար: Կ՛ակնկալենք, որ ԱՊՀ մեր գործընկեր երկիրներու ներկայացուցիչները աշխոյժ մասնակցութիւն կ՛ունենան այդ կարեւոր միջոցառման»,- ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ Հայաստանը  շահագրգռուած է մարդասիրական կապերու գործնական զարգացմամբ: