Չինաստանը Շտապօգնութեան 200 Մեքենայ Նուիրած է Հայաստանին

Աշխարհ, Հայաստան

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նուիրաբերուած է շտապօգնութեան 200 մեքենայ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է  Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան վարչութեան պետ Կամսար Պապինեան:

Անոր խօսքով՝   շտապօգնութեան մեքենաներուն 49-ը այսօր ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէն տրամադրուած է Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան «Շտապբուժօգնութիւն» ՓԲԸ-ին:

«Իբրեւ արդիւնք՝ Երեւան քաղաքը 35 աշխատակազմի փոխարէն պիտի սպասարկուի շտապօգնութեան 42 աշխատակազմով: Շտապօգնութեան մեքենաները յագեցած են արդի պահանջներուն համապատասխանող բժշկական սարքերով եւ պարագաներով, որն ալ, ի հարկէ, պիտի նպաստէ մատուցուող բժշկական ծառայութիւններու որակի ա՛լ աւելի բարձրացման: Եղէք առողջ…»,- նշուած է Պապինեանի արձանագրութեան մէջ: