Ոչ Եւս է Լիբանանահայ Վաստակաշատ Քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան

Սփիւռք

Սեպտեմբեր 13-ին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ բազմավաստակ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան: Զաւէն Խտըշեան ծնած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Սահակեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական կրթութիւնը` Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանը:

1952-ին կը յաճախէ ԱԼՊԱ գեղարուեստի դպրոցը: Կը սկսի գեղանկարչութեամբ, սակայն շուտով կ՛անդրադառնայ, որ պէտք է քանդակագործութեամբ զբաղի եւ այդպէս ալ ըրաւ, մինչեւ տարի մը առաջ: 1954-ին կրթութեան նախարարութենէն կը ստանայ կրթանպաստ ու կը մեկնի Փարիզ` ուսումը կատարելագործելու համար Փարիզի «Աքատեմի տէ պոզար»-ի մէջ, մասնագիտանալով դիմաքանդակի ու կոթողական արուեստի մէջ: 1958-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը սկսի դասաւանդել ԱԼՊԱ-ի մէջ, իսկ 1965-էն սկսեալ Լիբանանեան գեղարուեստի համալսարանին, քանդակագործութեան բաժինին եւ ճարտարապետութեան ճիւղին, աւելի ուշ` Քասլիքի համալսարանին մէջ:

Փարիզ կեցութեան ընթացքին «Նոր սերունդ»-ի մէջ ունեցած է ազգային գործունէութիւն:

Շահած է Ա. եւ Բ. մրցանակներ:

Հեղինակն է Պիքֆայայի Ապրիլեան եղեռնի յուշարձանին, ինչպէս նաեւ Ս. Շարպելի արձանին` Անայա, վանքին մուտքին, Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրիին` Ռիատ Սոլհ հրապարակի պարտէզին մէջ, Ս. Վրացեանի կիսանդրիին` Ն. Փալանճեան ճեմարանի պարտէզը, Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետի քանդակին` Հալէպի մէջ: Արժանացած է Համազգայինի շքանշանին` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Ունեցած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ եւ միշտ իր մասնակցութիւնը բերած է հաւաքական ցուցահանդէսներու: