Պարզագոյն Նկատառումներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

 

Եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեղը ըլլայինք՝

– Արդէն զօրակցութիւն յայտարարած ըլլալով Հայկ Մառութեանին՝ քաղաքապետական ընտրութիւններուն, կը բաւարարուէինք այդքանով ու ամէնօրեայ քարոզչութեան մասնակցելէ կը խուսափէինք: Ամէն օր ժողովուրդին առաջ դուրս գալու եւ զօրակցութիւնը կրկնելու կարիքը բնա՛ւ չկայ: Ընդհակառակը, ամէն օր կը պակսի զօրակցութենէն ակնկալուած ուժականութիւնը: Եթէ հաւատանք «Կալլըփ»ի հարցախոյզի արդիւնքներուն, ապա Մառութեանի ի նպաստ քուէարկողներուն համեմատութիւնը կը գնահատուի 38 տոկոսով: Երբ իրաւա՛մբ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան անունով կը խօսինք, ինչո՞ւ հարցականի տակ դնենք այդ ժողովրդականութիւնը՝ մեր զօրակցութեամբ իսկ յիսուն տոկոսէն պակաս քուէ հաւաքող թեկնածուի մը ամէն օր գովերգանք շռայլելով:

– Իր բռնապետական վարքագիծով աշխարհին յայտնի Իլհամ Ալիեւի՝ Հայաստանի մէջ բռնապետութեան հաստատման մասին քարոզչական ճարպիկութիւնը լուրջի կ՛առնէինք եւ մեր արտայայտութիւններէն ու կեցուածքներէն՝ բացարձակ իշխանութեան տիրացողի շեշտերէն կը խուսափէինք: Թաւշեայ յեղափոխութեան սիրոյ եւ համերաշխութեան երանգները հսկայական հմայք ու վարկ շահեցան մեր երկրին ու յեղափոխութիւնը իրականացնողներուն համար: Պէտք չէ՛ մսխել այն քաղաքական բաժնեթուղթերը, զորս մեր պետութիւնը շահեցաւ միջազգային հանրութեան համակրանքը գրաւելով: Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ հայկական կողմի քարոզչութեան հիմքերը ամուր պահելու նախանձախնդրութիւնը մի՛շտ առաջնահերթ պէտք է ըլլայ, մանաւանդ այնպիսի ժամանակ, երբ Ալիեւի բռնապետական գործողութիւնները աւելի ու աւելի յստակօրէն կը տեսնուին բոլորին կողմէ: Ատրպէյճանի դէմ քարոզչական պայքարի մեր ակներեւ յաղթանակը այլ հաշուարկներու զոհ պէտք չէ՛ դարձնել:

– Քոչարեանի եւ ընդհանրապէս նախկին պաշտօնեաներու յանցագործութիւնները բացայայտելու աշխատանքները մասնագիտական բարձրագոյն մակարդակով առաջ տանելու խի՛ստ ցուցմունք կու տայինք մեր քննչական ու դատական մարմիններուն: Հսկայական հնարաւորութիւն եւ քաղաքական ու տնտեսական ուժեղ լծակներ շարժելու կարողութիւնը ապացուցած նախկին նախագահը, կրնայ մանաւանդ «չինովնիկ» (պաշտօնէական) շրջանակներու մօտ վախի ու անցեալի ազատ թալանի կարօտախտի հրահրումով թունաւորե՛լ մթնոլորտը եւ հասարակութեան մէջ լարուածութեան կեղծ տպաւորութիւն յառաջացնել:

– «Կպա՛ծ» կ՛աշխատէինք՝ յեղափոխութեան խոստումները իրականացնելու: