Ստեփանակերտի Անուանակոչութեան 95-ամեակը Պիտի Նշուի Մեծ Շուքով

Այլեւայլ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 22-ին, մեծ շուքով պիտի նշուի Ստեփանակերտ քաղաքի անուանակոչութեան 95-ամեակը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝  Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեան ըսած է, որ ձեռնարկները պիտի մեկնարկեն Ստեփան Շահումեանի պատուանդանին ծաղիկներու տեղադրումով: Այնուհետեւ, Ստեփան Շահումեանի անուան օղակաձեւ պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէս-վաճառք, «Իմ սիրելի Ստեփանակերտ» խորագիրով լուսանկարչական մրցոյթի արդիւնքներու ամփոփում, նկարչութիւն ասֆալթի վրայ, մարզական շարք մը ձեռնարկներ:

«Ստեփանակերտի մշակութային կեդրոններու սաներուն մասնակցութեամբ՝ մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ պիտի  կազմակերպուին համերգային ծրագիրներ: Իսկ 6-րդ դպրոցին մէջ  տեղի պիտի ունենայ սանդա ուշուի Ստեփանակերտի բաց առաջնութիւն: Պիտի իրականացնենք նաեւ այցելութիւններ Ստեփանակերտի ամենատարեց քաղաքացիներուն, Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն, ինչպէս նաեւ հարսանեաց հանդիսութիւններու սրահներ՝  շնորհաւորելու նորապսակները»,-տեղեկացուցած է Ա. Յակոբեան:

Ան աւելցուցած է, որ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ,  մայրաքաղաքի յոբելինական տօնակատարութիւնները պիտի աւարտին տօնական համերգով:

Ըստ Յակոբեանի՝ ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանէն ժամանած պատուիրակութիւնը: