ՀՀ Մարմնամարզիկները 5 Ոսկիէ, 3 Արծաթէ եւ 5 Պրոնզէ Մետալ Նուաճած են Պաթումի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ իրականացաւ «Ռուսիքօ Սիխարվլիձէի բաժակ» միջազգային մրցաշարը, ուր Հայաստանի խումբը նուաճեց 5 ոսկիէ, 3 արծաթէ եւ 5 պրոնզէ մետալ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ հաւաքականը այս մրցաշարին մասնակցեցաւ տղաներու եւ աղջիկներու խումբերով (աղջիկներէն մրցումներուն մասնակցեցաւ միայն երկու մարզուհի)։ Տղաներու հաւաքականը՝ 9 մասնակից երկիրներու հաշուարկին մէջ՝ գրաւեց 3-րդ տեղը։ Մասնակից խումբերն էին Ռուսիան, Պելառուսիան, Ուքրանիան, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը, Լաթվիան, Վրաստանը եւ Հայաստանը։

Մեծահասակներու պայքարին Արթուր Աւետիսեան բազմամարտի մէջ գրաւեց 3-րդ, օղակներու վարժութեան մէջ՝ 1-ին, իսկ նժոյգթափերու մէջ` 3-րդ տեղերը։ Երիտասարդներու պայքարին՝ Էրիկ Պաղտասարեան նուաճեց 2-ոսկիէ մետալ (զուգափայտեր եւ պտտաձող)։ Ժորա Սմբատեան բազմամարտի մէջ 3-րդն էր, իսկ ազատ վարժութեան ու օղակներու մէջ՝ 1-ինը, միայն նժոյգթափերու մէջ ան գրաւեց 2-րդ տեղը։ Գագիկ Խաչիկեան երկու արծաթէ մետալ նուաճեց ազատ վարժութեան մէջ եւ պտտաձողերու վրայ, իսկ Նարպէյ Յակոբեան բաւարարուեցաւ մէկ պրոնզէ մետալով։