Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկը Ասիոյ Լաւագոյն Թանգարաններէն մէկն է` ըստ TripAdvisor-ի

Այլեւայլ, Հայաստան

Զբօսաշրջիկներու մէջ տարածուած ուղեցոյց հանդիսացող ամերիկեան TripAdvisor կայքը Ասիոյ լաւագոյն 25 թանգարաններու ցանկին մէջ (Asia’s top 25 travellers’ choice list) ընդգրկած է նաեւ Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով dailyexcelsior.com-ը: Ան գրաւած է ցուցակի 9-րդ տեղը:

Վարկանիշի առաջատարներն են Վիեթնամի Եոշիմին քաղաքի պատերազմի զոհերուն նուիրուած թանգարանը, Քամպոճայի Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած «Թուոլսլենկ» թանգարանը, որ կը գտնուի Փնոմպէն քաղաքին մէջ, եւ Չինաստանի Թէրակոթէ զինուորներու ու անոնց ձիերու թանգարանը:

Ցանկին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հնդկաստանի, Թայուանի եւ Սինգափուրի մէջ գտնուող շարք մը թանգարաններ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը բացուած է 1995 թուականին` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին: