Ճափոնի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հայաստան

ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հրաւէրով Սեպտեմբեր 2-4 պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թարօ Քոնօ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Ճափոնի ԱԳ նախարարը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհեց Անմար կրակի մօտ:

Անոր կ՛ուղեկցէին ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Պապիկեան եւ  Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան  Հրանդ Պօղոսեան:

Հիւրերուն յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, յուշակոթողի խորհրդանշական իմաստը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Մարինէ Մարգարեան:

Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Սեպտեբեր 3-ին նախատեսուած են Զոհրապ Մնացականեանի եւ Թարօ Քոնոյի բանակցութիւնները, որոնց արդիւնքներով նախարարները հանդէս պիտի գան մամուլի համար յայտարարութիւններով: