Ճեզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա., Աֆրամ Բ. Եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Հոգեւոր Պետերուն Միջեւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2018-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու շուրջ:

Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանին մէջ տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներուն մէջ շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով:

Առաջարկուեցաւ, որ հոգեւոր պետերը թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ՛ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան: Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթողիկէ պատրիարքը` Հալէպ: