Անդրադարձ. Սպասելով Իտլիպի Հարցի Մօտալուտ Լուծման

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վերջերս բոլորը` ՄԱԿ-ը, անոր ընդհանուր քարտուղարը, Մոսկուան, Ուաշինկթընն ու Փարիզը, ինչպէս նաեւ տեղական, շրջանային ու միջազգային մամուլը կը խօսին Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութիւններու մասին: Մինչ ամերիկեան կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի դէմ սպասուող յարձակումին առնչութեամբ եւ կը սպառնայ Սուրիան հարուածել, եթէ կառավարական ուժերը այդ յարձակումին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեն, ռուսական կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման եւ այդ պատրուակով ամերիկեան հարուածի մը նկատմամբ:

Երկու կողմերն ալ իրենց ընելիքը որոշած են, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սպասէ, որ միւս կողմը առնէ առաջին քայլը, որպէսզի իրը ներկայացնէ իբրեւ հակազդեցութիւն:

Ռուսիոյ եւ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծումը կը բխի Ուաշինկթընի շահերէն, որովհետեւ այդ քայլը ո՛չ միայն Թուրքիոյ դէմ պատժական տնօրինում մը պիտի ըլլայ, այլ նաեւ իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ Անգարա-Մոսկուա-Թեհրան նորակազմ ձեւաչափին վրայ, որ իր երրորդ վեհաժողովը պիտի գումարէ 7 սեպտեմբերին` Թաւրիզի մէջ: Այդպիսով, Անգարան կրնայ ստիպուիլ վերադառնալ Ուաշինկթընի «հնազանդ» դաշնակիցի կարգավիճակին:

Իտլիպի դէմ յարձակումէն մեծագոյն վնաս կրող կողմը պիտի ըլլայ Թուրքիան, որ նահանգին վրայ իր վերահսկողութիւնը կորսնցնելով դուրս պիտի մղուի սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթէն:

Իտլիպի դէմ յարձակումը կը թուի մօտալուտ ըլլալ, սակայն, նաեւ կարելի չէ բացառել այն դիպաշարը, ուր այդ նահանգի հարցը լուծուի համաձայնութեամբ` այդպիսով առաջքը առնելով ամերիկեան եւ ռուսական ճամբարներուն միջեւ անբաղձալի բախումի մը անախորժ հետեւանքներուն:

Իտլիպի հարցի բռնի ուժով ի նպաստ Դամասկոսի լուծումը կրնայ սուրիական տագնապի լուծման Թուրքիոյ մասնակցութեան դիմաց դուռը փակել, եթէ ան համամիտ չգտնուի, սակայն հարցի դիւանագիտական համաձայնութեամբ լուծումի մը պարագային կրնայ Թուրքիոյ համար փոքրիկ պատուհան մը բաց ձգուիլ, եթէ ան չարեաց փոքրագոյնով բաւարարուի: