Հայաստանի Հանրային Վայրերուն Մէջ Ծխելու Պարագային՝ Տուգանք 50,000 Դրամ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հանրային վայրերուն մէջ ծխելու պարագային հաւանական տուգանք կրնայ սահմանուիլ 50,000 դրամ (105 տոլար), Հանրային վայրերուն մէջ ծխախոտի յայտարարութեան տուգանք՝ 800,000 դրամ (1,60 տոլար) յայտարարեց Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Լենա Նանուշեան:

Պետական պաշտօնեան կրնայ ստանալ 200,000 դրամ (420 տոլար) տուգանք, եթէ իր տարածքին մէջ խախտէ ծխախոտի օրէնքը, մինչ ինք անհրաժեշտ քայլեր չ՛առներ խախտումը կանխարգիլելու համար:

Նանուշեան ըսաւ, որ ծխախոտի դէմ օրինագիծը տակաւին կը գտնուի մշակման փուլին մէջ: