Գերմանիոյ Մէջ Կը կազմաքանդեն Էրտողանի Ոսկեայ Արձանը

Աշխարհ

Գերմանական Վիսպատեն քաղաքի իշխանութիւնները Օգոստոս 28-ին որոշած են կազմաքանդել արուեստներու փառատօնի ծիրէն ներս տեղադրուած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ թայիփ էրտողանի չորս մեթրանոց ոսկեայ արձանը; Պատճառը «անվտանգութեան երաշխիքներու» բացակայութիւնն է: Քաղաքի ոստիկանութիւնը պիտի զբաղի արձանի կազմաքանդումով, որ պէտք է աւարտի Չորեքշաբթի առաւօտեան, կը հաղսրդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Deutsche Welle-ը:

Երեքշաբթի երեկոյեան արձանի կողքին բանաւոր վէճեր սկսած էին Էրտողանի կողմնակիցներու եւ հակառակորդներու միջեւ: Ոստիկանութիւնը յայտարարած էր «թեթեւ ձեւով թշնամական տրամադրութեան» մասին, սակայն վէճերը ֆիզիկական բախումներու չեն վերածուած: Այլ տուեալներով` վէճերը ծեծկռտուքի վերածուած են, իսկ վէճի  որոշ մասնակիցներու մօտ ծակող գործիք նկատուած է:

«Արուեստը պարտաւոր է ցոյց տալ, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ»,- յայտարարած է փառատօնի կազմակերպիչ, Հեսենի թատրոնի ղեկավար Վովէ-էրիք Լաուֆենպերկը: Երկրամասային կառավարութեան ներկայացուցիչ Լիւսիա Փութրիխը քննադատած է եղածը` յիշեցնելով Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան խնդրի մասին. «Այս մարդը պատուանդանի արժանի չէ, եւ, առաւել եւս, զայն պէտք չէ ձուլել ոսկիէ»: