1914-ի Ընդհանուր Պատերազմին Սսոյ Վանքին Հարստութիւնը Ինչպէ՞ս Հալէպ Փոխադրուեցաւ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ


Մտքերը թարմացնելու համար ըսենքոր պատմական մեծ արժէք ներկայացնող սոյն յօդուածը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն ե՛ւ որպէս պատմականե՛ւ որպէս այժմէական արժէք ներկայացնող գրութիւնը մըորուն վրայ հիմնուելովԱրամ Ավեհափառ հայրապետը շուրջ երկու տարի առաջ Հայ դատը ներկայացուց թէ՛ թրքական եւ թէ՛ եւրոպական ատեաններու մէջպահանջելով Սսոյ վանքին կալուածները վերադարձնելու իր իրաւատիրոջըհայ ժողովուրդին:

Վանքին կարաւանը

1914-ի ամառնամուտին սկսող համաշխարհային պատերազմի Ա. տարին Կիլիկիոյ այլեւայլ քաղաքներէն արդէն սկսած էր տեղահանութիւնը դէպի Հալէպ, եւ` Սսոյ բնակչութեան մեծ մասն ալ տարագրուած, մնացող ափ մը հայութեան հետ մայրավանքի փոքրաթիւ միաբանութիւնն ալ ինքզինք ազատ կը զգար գաղթականութեան դժուարին արհաւիրքներէն:

Սահակ կաթողիկոսը պատերազմի վաղորդայնին, ձգելով իր աթոռը, կը մեկնի Ատանա` տեղական կառավարութեան մօտ անձամբ կատարելու համար իր ազդու դիմումները, այն յոյսով, որ պիտի կրնար իր հօտին համար կեդրոնէն հասած հայաջնջումի հրամանները մասամբ մեղմացնել: Դժբախտաբար տեղահանութիւնը հետզհետէ կը ստանար աւելի մեծ համեմատութիւններ, եւ ալեզարդ հայրապետը այլեւս յուսահատ կառավարութեան մօտ կատարած իր կրկնակի դիմումներուն անհետեւանք մնալէն` կ՛երթար Հալէպ, գաղթականաց կեդրոն քաղաքը, ուր հետզհետէ կը հասնէին մեծ Հայաստանէն, Կիլիկիայէն, Պոլսոյ եւ շրջանակներէն տեղահանուած հայերու հսկայ կարաւաններ:

1915 սեպտեմբեր 3-ին կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Եղիշէ արք. Կարոյեանը Սսոյ կառավարիչին քովէն վանք վերադարձին մեզի կը բերէ տարագրութեան մահաբոյր գոյժը, ըստ որուն, տասն օր պայմանաժամ տրուած էր միաբանութեան` երթալու համար Հալէպ: Պոլսէն եկած սոյն հրամանը վերջնական ըլլալով, տրուած պայմանաժամի միջոցին գիշեր-ցերեկ չարաչար կ՛աշխատինք Սսոյ ութդարեան պատմական Աթոռին թանկարժէք անօթներն ու ծանրագին զգեստները, ինչպէս նաեւ հին գրքերը մասնաւոր պատրաստուած սնտուկներու մէջ տեղաւորելու հոգեմաշ գործով եւ վանքին գոյքերէն կարեւոր մաս մըն ալ բեռներ կապած` կը սպասենք մեկնումի հրամանին:

13 սեպտեմբեր` Խաչվերացի կիրակին լաց ու կոծի պատմական օր մը կ՛ըլլայ  թէ՛ միաբանութեան եւ թէ՛ ալ Սսոյ մէջ մնացող ափ մը հայութեան համար: Նոյն օրը վանքին բանալիները տրցակով կը յանձնուին կառավարութեան: Սրտաճմլիկ էր պարզուած տեսարանը. Հասած ըլլալով այլեւս մեկնումի վերջին ժամը` բաժանման այդ րոպէին արտասուքը յորդառատ կը հոսէր մեր աչքերէն: Վերջին մնաք բարովի լալագին համբոյր մը տալով մայր տաճարին սրբատաշ քարերուն, կը մեկնինք անդարձ` բարբարոս ձեռքերուն յանձնելով երջանկայիշատակ Կիրակոս Մեծագործ կաթողիկոսին օրով շինուած Սսոյ բազմադարեան Աթոռին հոյակապ մայրավանքը, իր վեհաշուք կաթողիկոսարանով եւ յարակից բոլոր շէնքերով:

Հոս կ՛արժէ յիշել մայր տաճարի աւագ սեղանին հոյակապ խաչկալը եւ հայրապետական մարմարեայ գեղակերտ աթոռը: Առաջինը` գեղաքանդակ եւ համակ ոսկեզօծ, հայկական գեղարուեստի գլուխ-գործոց մը: Երեք մեթր լայնքի վրայ խորանը ունէր տասներկու աստիճաններ` չորս նրբաքանդակ սիւներու վրայ բարձրացած հսկայ եւ ակնախտիղ գմբէթով, որուն ճակատը զարդարուած էր հայկական արծուանշանով մը: Նոյնպէս խորանին ետեւը տանող երկու կողմի դռներուն վրայ մէյ-մէկ գմբէթներ` խաչկալին ձեւն ու տեսքը աւելցնող: Իսկ հայրապետական աթոռը միակն էր իր տեսակին մէջ. գետինէն վեր երկաստիճան պատուանդանի մը կողմերուն վրայ զետեղուած էին քանդակուած մարմարեայ միակտոր քարեր, դուրսի կողմին վրայ չորս աւետարանիչները` խորհրդանշան կենդանիներու պատկերներով: Պատուանդանի քառանկիւնէն վեր բարձրացող մարմարեայ չորս սիւներուն վրայ կաթողիկէն` բոլորուած տասներկու կամարաձեւ շրջանակներով, մէջը` երկոտասան Առաքեալներու պատկերներ:

Կիլիկեան Աթոռին համար պատմական արժէք ունեցող այս կարգի բոլոր հնութիւնները Սիս ձգած` նոյն օրը ճամբայ կ՛ելլենք եւ հազիւ թէ հասած քաղաքին ծայրը, արկածով մը, միւռոնի կաթսան կը կոտրի եւ սոյն նուիրական հողը, վերջին անգամ ըլլալով, անգամ մը եւս կ՛օծուի մօտ երեք լիթր սրբալոյս միւռոնով: Մեկնումի օրն իսկ պատահած այս դէպքը, տարագրութեան արիւնոտ ճամբուն վրայ, առաջին չարագուշակ նշանը կ՛ըլլայ մեզի համար. այն օրէն յուսահատութիւնը կը պատէ մեզ մեր մօտալուտ մահուան պատկերը սոսկում կ՛ազդէ մեր վրայ, սակայն եւ այնպէս, ապաւինելով Տիրոջ օգնութեան, Կիլիկեան դաշտին վրայ լճացած ս. միւռոնը բացուած փոսին մէջ թաղելէ ետք կը շարունակենք մեր ճամբան:

Առաջին օրը կ՛իջեւանինք Գայան ըսուած վայրը` ոտքով Սիսէն հազիւ երկու ժամ հեռու` եւ հետեւեալ առտուն շարունակելու մեր ճամբան: Իրիկուան մօտ կը հասնինք Ճիհան գետին եզերքը: Հոն Կիլիկիոյ զանազան կողմերէն տարագրուած հազարաւոր հայեր կը սպասեն իրենց կարգին` լաստափայտով  գետին միւս եզերքը անցնելու համար: Պահակ ոստիկաններ, թերեւս` ի յարգանս մեր եկեղեցականի հանգամանքին բացառիկ դիւրութիւններ կը շնորհեն մեզի. այնպէս որ, առանց օրերով սպասելու, ամիջապէս կը սկսինք գոյքերու փոխադրութեան: Այդ պահուն, սակայն, նոր ձախորդութիւն մը եւս կը պատահի: Գոմէշի սայլերէն մին երբ քալել կու տանք լաստափայտին վրայ , յանկարծ երկաթաթելը կը փրթի, ու ջուրի զօրաւոր հոսանքէն տարուած լաստը բաւական կը հեռանայ եզերքէն` գետին յատակը տանելով մէջի սայլը, որուն մէջ կը գտնուէին վանքի արժէքաւոր անօթներուն բոլոր սնտուկները: Ի տես այս անակնկալ ձախորդութեան` խումբ մը հաճընցի եւ վահկացի երիտասարդներ ամիջապէս կը նետուին գետին մէջ եւ արհամարհելով խեղդուելու ամէն վտանգ` կը խորասուզուին 4-5 մեթր խորութիւն ունեցող ջուրին մէջ. նախ կը քակեն սայլի վրայի կափարիչ տախտակները եւ այնուհետեւ մէջի սնտուկները մէկիկ մէկիկ կը հանեն ցամաք` երկար ու տաժանակիր յոգնութենէ մը ետք, մէջը ըլլալով Լուսաւորչի Աջին, Նիկողայոս Սքանչելագործ եւ Սեղբեստրոս հայրապետներուն մասունքներու արծաթապատած ու նրբարուեստ սնտուկը` գեղազարդուած հին հայրապետներու պատկերներով:

Փոխադրական աշխատանքը կը վերջանայ ուշ ատեն, նոյն օրը կը գիշերենք գետին միւս ափին վրայ եւ հետեւեալ առտուն կը շարունակենք ճամբան ու մէկ օրէն կը հասնինք Օսմանի, ուր տեսարանը բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը պարզէ մեր առջեւ: Թուրքիոյ այլ եւ այլ կողմերէն տեղահան եղած 10 հազարէ աւելի մարդկային խլեակներու ծովածաւալբազմութիւն մը քաղաքէն մի քիչ հեռու, բաց դաշտին մէջ վրաններ կանգնած` կը սպասէ մեկնումի հրահանգին. զարմանալի ոչ մէկ բան կայ, երբ ըսեմ, որ հայ տարագիրներու հսկայ կարաւաններ յանձնուած են քանի մը կեղեքիչ եւ ոճրագործ ոստիկաններու հսկողութեան, որոնք ամէն առաւօտ, խարազան ի ձեռին, կ՛իյնան վրաններու մէջ, ծեծ, հայհոյանք, լուտանք եւ անարգանք, մինչեւ որ առաքումը վերջանայ:

Երկու օր կը մնանք Օսմանիէ, այնուհետեւ մենք ալ ուրիշներու կարգին ճամբայ կը դրուինք դէպի Հասանպէյլի, ուր քանի մը օր աւելի մնալու միջոցը կը գտնենք` կոտրած սայլերը նորոգելու պատրուակին տակ: Մեր հոն գտնուած միջոցին հաճընցի գաղթականներ փափաք կը յայտնեն իրենց հայրենակից Բարսեղ վրդ. Մանկրեանը միատեղ տանիլ, ուր որ ալ իրենք կ՛երթան: Եղիշէ արք. Կարոյեանն ալ` մօրը հիւանդութեան պատճառով, առաջին օրէն մեզմէ բաժնուած եւ Հալէպ գացած ըլլալով` կը մնանք սոյն տողերս գրողս եւ Կիրակոս վրդ. Մարգարեանը` Երուսաղէմի միաբան:

Հասանպէյլիէն դէպի Իսլահիէ տանող ճամբան աւելի դժուարին եւ յոգնեցուցիչ էր. այնպէս որ, երբ արշալոյսին կը մեկնինք, իրիկուան մօտ հազիւ կը հասնինք Էնթելլիի բարձունքը, ուսկից դէպի զառիվայր քանի մը քայլ առած` եզան սայլերէն երկուքին անիւները կը կոտրին եւ տեղւոյն վրայ անմիջապէս շինել կարելի չըլլալով` կը պարտաւորուինք մնալ հոն: Միւս օրը մութը կը կոխէ եւ ամայութեան մէջ երկիւղը հետզհետէ կը պաշարէ մեզ, մանաւանդ երբ պատահական անցորդներէ կը տեղեկանանք, որ քանի մը օր առաջ նոյն բարձունքին վրայ տասնեակ մը հայեր ջարդուած են թուրք ու քիւրտ չեթեներուն կողմէ: Սեւ լուրը աւելի կ՛ահաբեկէ մեզ, կը շուարինք, ի՛նչ ընելիքնիս չենք գիտեր, երկար կը մտածենք միջոցին վրայ` վայրկեան առաջ հեռանալու համար Էթելիի սպանդանոցէն: Վերջապէս, ճարահատ, կու գանք այն որոշման, որ մեզմէ մին կառապաններէ մէկուն հետ մնայ հոն, ինչ որ մեզի կը վիճակուի, եւ միւսները շարունակէն ճամբան մինչեւ Այրանի ձորը` հոն իջեւանած գաղթական հայերէն կենդանի կամ սայլակառք ճարելով մեզ ղրկելու համար:

Կարաւանին մէկ մասը ուշ ատեն ճամբու դնելէ ետք մենք ալ գիշերուան սարսռազդեցիկ լռութեան մէջ, առ ի զգուշութիւն, պահուըտած մօտակայ մացառներուն մէջ, հասնելիք օգնութենէն աւելի վայրկեանէ վայրկեան մահուան կը սպասենք: Կ՛անցնին ժամեր, ոչ մէկ լուր գացողներէն, այդ միջոցին հազար ու մէկ գէշ մտածումներ կը չարչրկեն մեր միտքը, մահուան սարսուռը ուժգնօրէն կը թողացնէ ամբողջ մեր մարմինը, թուրքին արիւնոտ դաշոյնը կը շողայ մեր երեւակայութեան առջեւ, եւ այդ վիճակին մէջ, այլեւս յոյսերնիս կտրած օգնութենէ, կը սպասենք մարդակերներու վոհմակին. այդ պահուն յանկարծ ոտնաձայն մը լսելի կ՛ըլլայ մեզի: Քովս գտնուող կառապանը` աւելի փորձառու մէկը, վայրկեան մը կը հեռանայ ականջ դնելու համար ձայնին եկած կողմը, եւ ահա քիչ մը վերջ երկու չերքեզ կառապաններ, կեցած ճամբուն վրայ կը պոռան` րահիպ Խադ ըսելով: Եկող այդ ձայնէն  քիչ մը ուժաւորուած, երկիւղախառն համարձակութեամբ դուրս կու գանք մեր թաքստոցէն, կը մօտենանք կառապաններուն ու վարդապետին ղրկած քարտը կարդալէ ետք, գերեզմանէն ելլող Ղազարոսին պէս կեանք առած, կ՛աճապարենք սնտուկները տեղաւորել սայլերուն մէջ եւ կէս գիշերը անցած` ճամբայ կ՛ելլենք եւ արշալոյսին ապահով կը հասնինք Այրան, ուր քանի մը ժամ հանգիստ կ՛առնենք եւ կոտրուած անիւները սայլերուն շինել տալէ ետք, նորէն ճամբան կը շարունակենք դէպի Իսլահիէ:

Մեր Իսլահիէ հասնելուն երրորդ օրը` առտուն հայ գաղթականներ լուր կու տան մեզի, որ այս գիշեր քանի մը ձիաւոր ոստիկաններու հսկողութեան տակ հայ կրօնաւոր մը բերած են հոն: կը հետաքրքրուինք, կ՛ուզենք իմանալ ով ըլլալը եւ անմիջապէս կը վազենք գաղթակայանէն բաւական հեռու կեցած կառքին մօտ: Սիվիլ  հագած մէկը, գլուխը հասարակ գլխարկ մը դրած, նստած է կառքին մէջ` բոլորովին ընկճուած եւ յուսահատ: Մեր այն հարցումին, թէ ի՞նչ է ձեր անունը, Խոսրով եպս. Պէհրիկեան` կ՛ըլլայ պատասխանը: Նորին գերապատուութեան հետ մեր խօսակցութիւնը կը տեւէ հազիւ քանի մը վայրկեան, այնուհետեւ ոստիկանները կը պատգամեն, որ հասած է մեր մեկնումի ժամը: Կառքը կը քալէ, ձիաւորները ետեւէն, չենք գիտեր սակայն, թէ ո՛ւր…

Իսլահիէյէն Հալէպ մեր ճամբորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ բաղդատաբար քիչ մը աւելի հանգստաւէտ պայմաններու տակ: Օրական 4-5 ժամ ճամբայ կտրելով` վերջապէս կը հասնինք Գաթմայի կայանը: Ճամբուն հարաւային կողմը` բաց դաշտին մէջ տարածուող գաղթականաց հսկայ վրանաքաղաքը զարմանք կը պատճառէ մեզի: Գաթման առաքման կեդրոն, այսինքն հայ տարագիրները Սուրիոյ եւ Միջագետքի անապատները քշելու համար որոշուած վայր, ուր առաջին անգամ արտասուախառն աչքերով կը դիտենք հազարաւոր հայերու հողակոյտերը, տարաժամ մեռած` անօթութեան, թշուառութեան եւ այլ եւ այլ հիւանդութեանց երեսէն: Գիշեր մը կը մնանք Գաթմա եւ յաջորդ առտու  կը մեկնինք Քեֆեր Ալթուն, Հալէպէն վեց ժամ հեռու` ոտքով:

Քեֆեր Ալթուն Հալէպ տանող ճամբուն վրայ, արաբական գիւղի մը մօտ պետեւիներ կը պաշարեն մեզ. բարեբախտաբար ապահովութեան համար մեզի ընկերակցած ոստիկանները նախատեսելով մեզի սպառնացող վտանգը` կը սկսին կրակել, եւ շնորհիւ անոնց կորովի պաշտպանութեան, վերջին վտանգէն ալ ազատած, նոյն օրը գիշեր ատեն կը հասնինք Հալէպ քաղաքը:

Սիսէն Հալէպ մեր ճամբորդութիւնը կը տեւէ 23 օր: հակառակ ճամբու ընթացքին պատահած մէկէ աւելի արկածներուն, ձախողութեանց եւ յարձակումներուն, Տիրոջ օգնութեամբ վանքին հարստութիւնը կը հասցնենք Հալէպ` անվնաս ու անկորուստ եւ կը յանձնենք վեհափառ կաթողիկոսին:

Քանի մը տարիներ առաջ կիլիկեան ջախջախուած Աթոռին վերահաստատումը Լիբանանի գիւղերէն` Անթիլիասի մէջ մխիթարական երեւոյթ մըն էր Սուրիոյ հայութեան համար, ազգային ու եկեղեցական կրկնակ տեսակէտներով. մաղթենք, որ Ղուկասներու, Եփրեմներու եւ Կիրակոսներու հայրապետական Աթոռը օրըստօրէ ծաղկի եւ բարգաւաճի` ի շինութիւն ազգիս եւ ի պայծառութիւն Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ:

*Խադ ԵպսԱջապահեանի այս գրութիւնը անթուական էպէտք է ըլլայ 1935-ին: