Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Գարեջուրի Փառատօն

Այլեւայլ, Հայաստան

Օգոստոս 28-ին Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենայ գարեջուրի փառատօն:

Փառատօնը կը կազմակերպուի «Կոտայք» գարեջուրի գործարանին կողմէ` ընկերութեան Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ընկերութեան Ստեփանակերտի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ղազարեան ըսած է, որ նման նախաձեռնութիւն Արցախի մէջ առաջին անգամ կը կազմապերպեն:

«Փառատօնին պիտի կազմակերպենք գարեջուրի անվճար հիւրասիրութիւն: Բացի այդ կը նախատեսուի նաեւ համերգային ծրագիր, որուն ելոյթներով հանդէս պիտի գայ Ստեփանակերտի փողային նուագախումբը»,- նշած է Ղազարեան:

Անոր խօսքով`  փառատօնին նպատակը աշխոյժ ժամանց կազմակերպելն է, ինչպէս նաեւ փառատօնի միջոցով ընկերութեան արտադրանքի ներկայացումն ու նոր  համագործակցութիւններու հարթակ ձեւաւորելը:

Փառատօնի պիտի սկսի 18:00-ին: Մուտքը ազատ է: