ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանի 28-րդ Մարզական Խաղերը՝ Մերիլենտի Մէջ
ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 28-րդ Նաւասարդեան խաղերը տեղի ունեցան Մերիլենտի մէջ, Շաբաթ, 30 Յունիսէն Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ՝ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան շրջանի Հրաչ Մեսրոպեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Ուաշինկթընի մասնաճիւղին:
Բացման հանդիսութեան, նաեւ ներկայ էին Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան (որ երեկոյեան, դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ ներկայ եղաւ նաեւ ընթրիքին), ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Թանաշեան, ՀՕՄ-ի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Սեւան Գոլէճեան: Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Սամիկ եւ Վարդենի Ժարեաններ:

Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերուն ընթացքին, դաշտերու վրայ, պանդոկի միջանցքներուն եւ ամէնուրեք ՀՄԸՄ-ական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի զանազան մասնաճիւղերէ:
Բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ ժամանեցին Ուաշինկթըն, ուր տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը՝ բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները:
ՀՄԸՄ-ի տարեկան այս մարզական խաղերը, առիթ մըն են սատարելու ՀՄԸՄ-ի վսեմ նպատակին, երբ շրջանի մասնաճիւղերէն ժամանած ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ, կը գօտեպնդուեն ՀՄԸՄ-ի շունչով եւ ոգիով:
Ծնողներ ու բարեկամներ ոգեւորիչ խանդավառութեամբ ժամանեցին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու, թէ իրենց ՀՄԸՄ-ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ: Փակման հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բաժակներու եւ յուշատախտակներու բաշխում:

Երեքշաբթի, 3 Յուլիսին երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Պաշտօնական բաժինը բացուեցաւ պատուոյ հիւրերու մուտքով: Օրուան երգիչն էր Արմէնչիքը:
Ամէնէն բարելաւուած մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Շիքակոյի մասնաճիւղը, իսկ տիպար մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Պոսթընի մասնաճիւղը:
Խումբերու Ընդհանուր Դասաւորում.
Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք 43 կէտ
Շիքակօ 38
Պոսթըն եւ Տիթրոյիթ 18
6.- Մերիմէք Վալի 10
7.- Նիւ Ճըրզի 5
8.- Թորոնթօ 4
Չորս մասնաճիւղեր՝ Փրովիտընս, Ֆիլատելֆիա, Ֆլորիտա եւ Ալպընի չկրցան որեւէ կէտ ապահովել:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
