Տղոց Պանթէոնը (Լիզպոն 35-ամեակ) Դ.

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Համբիկ Պիլալեան

Կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լիզպոնի տղոց շիրիմը կտոր մը հայրենիք է:

Հայրենիք, որ կը պարփակէ հող, ժողովուրդ, մշակոյթ, լեզու, ինքնութիւն եւ ապրելու հզօր կարողութիւն: Հայրենիք, որուն անունը Արարատ է, Հայկ նահապետ, Մեծն Արտաշէս, Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդանանց, Նարեկացի, յեղափոխութիւն, ազգային ազատագրական պայքար, Ծիծեռնակաբերդ ու Սարդարապատ:

Հայրենիք, որ հազարամեակներու վկան է, դեռ կ՛ապրի ու կը շնչէ, կ՛արարէ: Հայրենիք, որ օրրան է քաղաքակրթական նուաճումներու, փարոս` մարդկութեան յառաջդիմական ձգտումներու, օճախ` հայ ազգի աւանդութիւններու պահպանման եւ կողմնացոյց` փառահեղ յաղթանակներու:

Այո՛, Լիզպոնի տղոց պանթէոնը մեր կողմնացոյցն է, անկաշառ, անխարդախ:

Փաստը, մեր տղոց սրբազան խօսքերն ու մտածումներն են, որոնք լոյսին եկած են առանց շպարի ու դափնեպսակի, անպաճոյճ եւ ի խորոց սրտի: Իրօք, խօսքեր են ատոնք, որոնք դեռ կը ղօղանջեն իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ, իբրեւ պատգամ ու ահազանգ, իբրեւ ազդարար ու հաւատամք:

Արդ, բաւարար է, գէթ մէկական նախադասութիւն հնչեցնել եւ ընդգծել մեր հինգ հերոսներուն մեծութիւնն ու մարգարէութիւնը:

Սիմոն Եահնէեանին է սա յաւերժահունչ պատգամը, թէ` «Պզտիկ եւ մեծ գործեր չկան, այլ` լաւ եւ գէշ».

Սեդրակ Աճեմեանին է սա հեզահամբոյր միտքը, թէ «մենք բարի խենթեր ենք, ազգին խենթերը, ոճրագործ չենք».

Վաչէ Տաղլեանն է յիշեցնողը, թէ` «հայութեան թշնամին յայտնի է, չի մոռցուիր անոր ոճիրը».

Արա Քրճըլեանին է սա կեցուածքը, թէ` «ազատութեան գետինը միշտ ծարաւ է, միշտ արիւն կը պահանջէ».

Սագօ Աբրահամեանին է սա ասպետական կողմնորոշումը, թէ` «եթէ ես չտեսնեմ հայրենիքս, իմ ընկերները պիտի տեսնեն, ապագայ սերունդներ պիտի տեսնեն»:

Ըլլա՛լ մարդկային զգացումներով անհատ եւ ունենալ հայաբորբ սիրտ ու հոգի, ըլլա՛լ տրամաբանող չափահաս եւ խանդավառութեամբ յագեցած երիտասարդ, ըլլա՛լ համամարդկային գաղափարներու աջակից եւ ազգային երազներու պաշտպան հայորդի, եւ չխոնարհիլ նմանատիպ մեծութիւններու արտայայտած մտածումներուն եւ հաւատամքին դիմաց, կը նշանակէ հոգեպէս կոյր ձեւանալ, ազգային ոգիէ կամովին հեռանալ եւ տուրք տալ անձնակեդրոն եւ պատեհապաշտ, տկլոր ու տխեղծ ապրելակերպի: Չկայ այլ բացատրութիւն:

Ու պիտի գայ այն օրը, բազում հայրենապաշտ նուիրեալներու կողքին, պիտի կոթողուի Լիզպոնի տղոց բարձրաքանդակը, վերանկախ Հայաստանի սուրբ հողին վրայ, Արարատի հայեացքին ներքեւ, Արցախի Մռաւ լերան օրհնութեամբ, հայրենի նորահաս սերունդի զաւակներ, իմանալէ եւ ուսումնասիրելէ ետք ասպետական տղոց վեհափառ արարքին մեծութիւնը, իրենց կարգին, հայ պետական աւագանիին հետ, պիտի խոնարհին եւ յարգանքի տուրքը մատուցեն, թէեւ ուշացած, բայց տիրաբար եւ հաւատարմօրէն:

Leave a Reply